Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Աղջկանց Աւարտական Մրցումները Կը Սկսին Ուրբաթ Օր

October 3, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Էյճա Ուիլսն եւ Լաս Վեկաս Էյսըզ կը փորձեն իւրայատուկ բան մը կատարել` շահելով աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ի տիտղոսը 3-րդ անգամ ըլլալով` 4 տարիներու ընթացքին: Լաս Վեկաս Էյսըզի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ֆինիքս Մերքըրին, որ 2021-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը հասնի աւարտական:

Աւարտական մրցումի ճակատումները կը սկսին ուրբաթ օր, Լաս Վեկասի մէջ, 2-րդ դասուած Էյսըզի եւ 4-րդ դասուած Մերքըրիի միջեւ, ուր առաջին անգամ ըլլալով պիտի դիմուի 7 մրցումներու, որոնց 4-ին յաղթողը պիտի դառնայ ախոյեան, տղոց ճակատումներուն նման:

Էյսըզ փլէյ-օֆի առաջին մրցումին եւ կիսաւարտականի հանգրուանին քիչ մնաց դուրս մնար, եւ կիսաւարտականի 5-րդ մրցումին Ինտիանային յաղթելու համար պէտք ունեցաւ երկարաձգման:

«Մարդիկ մեզի թերագնահատեցին, բայց ահա այսօր աւարտականի հասած ենք: Մենք տակաւին տալիք ունինք», ըսաւ Ուիլսըն:

Օգոստոսի սկիզբը Էյսըզ լաւ վիճակի մէջ չէր եւ յաղթանակի դէմ նոյնքան պարտութիւն արձանագրած էր: Իր բնական տարեշրջանի վերջին 16 մրցումներուն ան շատ լաւ մրցում ունեցաւ եւ հասաւ 2-րդ դիրք:

Անցեալ տարուան կիսաւարտականին Նիւ Եորքէն պարտուելէ ետք, այս տարի ան վերադարձաւ աւարտական: Լաս Վեկաս 2022-ին եւ 2023-ին շահեցաւ ախոյեանութիւնը: Միայն Հիուսթըն կրցած է 3 անգամ շահիլ 4 տարուան ընթացքին:

Ֆինիքս իր կարգին պիտի փորձէ շահիլ իր առաջին տիտղոսը 2014-ին: Ֆինիքս Մերքըրի դժուար ճամբայ կտրեց մինչեւ աւարտական` դուրս ձգելով անցեալ տարուան ախոյեան Նիւ Եորք Լիպըրթին (առաջին հանգրուանին) եւ թիւ 1 դասուած Մինեսոթա Լինքսը` կիսաւարտականին:

Մերքըրի միշտ ալ այս եղանակին «նկատի չառնուած» խումբն էր, մանաւանդ որ Տայանա Թաուրասի լքած էր արհեստավարժ պասքեթպոլը, իսկ Պրիթնի Կրինըր լքած էր խումբը: Բայց անոնք շատ արագ ձեռք ձգեցին Ալիսա Թոմասը, Սաթու Սապալին եւ Տիուանա Պոնըրը` կազմելով լուրջ խումբ մը, որ անակնկալներ ստեղծեց:

Մերքըրիի մարզիչ Նէյթ Թիպեթց ըսաւ. «Ոչ մէկը մեզմէ կ՛ակնկալէր, որ այսպիսի արդիւնք ձեռք բերէինք, մեզմէ անկախ: Հաւատքը եւ միասնականութիւնը շատ տպաւորիչ էին այս խումբին»:

Նշենք, որ բնական ախոյեանութեան ընթացքին Էյսըզ 3 անգամ յաջողած է յաղթել Մերքըրիին, որ միայն 1 անգամ կրցած է յաղթել իր մրցակիցին:

Բայց պէտք է ըսել, որ աւարտական մրցումի ճակատումները տարբեր կրնան ըլլալ, ինչպէս կը պատահի տղոց մօտ:

Նախորդը

80-Ամեայ ՄԱԿ-ի Թրամփեան Կանգառը…

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթեց Պարսելոնային. Մոնաքօ Կէտ Խլեց Սիթիէն

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր  Մարզիկները Պատուեց
Մարզական

Հեծելարշաւ. Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր Մարզիկները Պատուեց

January 31, 2026
Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց  Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն
Մարզական

Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն

January 31, 2026
Ֆութսալ.  Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա
Մարզական

Ֆութսալ. Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.