19 տարեկան յառաջապահ Արթուր Ղարիբեան անգամ մը եւս փայլեցաւ Ռուսիոյ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ:
12-րդ հանգրուանի մրցումին` Վոլկա Ուլիանովսքի դէմ, Սպարտակ Քոսթրոմայի յառաջապահ Ղարիբեան 92-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմի հաւասարութեան կոլը:
Ասիկա Ղարիբեանի 3-րդ կոլն է այս տարեշրջանին, մինչ իր խումբը հաստատօրէն կը գրաւէ ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքը` 27 կէտով եւ 11 անյաղթ մրցումներէ ետք:
Ղարիբեանի առաջին տարեշրջանն է այս, բայց ան շուտով հիմնական տարրերէն մէկը դարձած է, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիկներէն: