Ռուսիոյ Նովոսիպերսք քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային յունահռոմէական մրցաշարք մը` նուիրուած Խորհրդային Միութեան նախկին ախոյեան Ալեքսանտր Աքսիոնովի յիշատակին:
«Աքսիոնովի յիշատակին-2025» մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի ազգային խումբը տարբեր 10 ազգային խումբերու կողքին, որոնց կարգին Ռուսիա, Ուզպեքիստան, Տաճիկիստան, Խըրխըզիստան, Քուպա, Ղազախստան, Իրան, Պիելոռուսիա, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան:
Հայաստանի ազգային խումբը 5 ներկայացուցիչներով մասնակցեցաւ` շահելով 1 արծաթ եւ 1 պրոնզ մետալներ:
55 քկ կշիռի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Նորայր Հախոյեան, որ մէկ մրցում շահեցաւ եւ պարտուեցաւ քառորդ աւարտականին:
72 քկ կշիռի մրցումներուն մասնակցեցաւ Շանթ Խաչատրեան, որ իր առաջին մրցումին իսկ պարտուեցաւ:
82 քկ կշիռի մրցումներուն Մարտիկ Պետրոսեան արծաթէ մետալ շահեցաւ, ան 3 մրցումներ յաղթելէ ետք պարտութիւն կրեց ռուս մրցակից Իրաքլի Քալանտիայէն:
87 քկ կշիռի մրցումներուն, Գէորգ Թադեւոսեան պրոնզէ մետալ շահեցաւ: Ան իր առաջին երկու մրցումները յաղթեց, բայց քառորդ աւարտականին պարտութիւն կրեց եւ պրոնզէ մետալի մրցումին մասնակցելու իրաւունք ստացաւ, երբ իր ռուս մրցակիցը աւարտական հասաւ: Թադեւոսեանի պրոնզէ մետալի մրցակիցն էր աշխարհի 23 տարեկանէն վար ախոյեան, Եւրոպայի ախոյեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի պրոնզէ մետալակիր Աուես Կոնիպով (Ռուսիա): Թադեւոսեան կրցաւ յաղթել եւ շահիլ պրոնզէ մետալ:
87 քկ կշիռի մրցումներուն, Կարէն Խաչատրեան իր առաջին մրցումէն պարտուեցաւ:
Այլ հայ մը, որ Ռուսիոյ հաւաքականին մաս կը կազմէր` Գարեգին Կիւլիւմեան, 72 քկ կշիռի մրցումներուն յաղթելէ ետք իրանցի Սայիտի Նաւա Ամիր Մեհտիի, շահեցաւ ոսկի մետալ: