Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

October 17, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ

Ս. Իգնատիոս Մալոյեան` աջէն երրորդը, նստած:

126 տարուան հեռաւորութենէն Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի անտիպ մէկ նամակը կը մղէ խորհրդածութեան` կապուած  2025 հոկտեմբեր 19-ին Վատիկանի մէջ կատարուած պատմական սրբադասման միամեակին: Արդարեւ,  Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ լուսաւոր շողը` Մարտինի նահատակ արք. Իգնատիոս Մալոյեան դասուեցաւ Տիեզերական եկեղեցւոյ սուրբերու շարքին:

Այդ սրբադասման առաջին տարեդարձի նուիրական սեմին, խորհրդանշական զուգադիպութիւն մը մեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ անցեալի լուսաւոր էջի մը վրայ: Սրբադասումէն ճիշդ 126 տարիներ առաջ` 1899 հոկտեմբեր 17-ին, դարձեալ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ամսուն, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքէն երիտասարդ Իգնատիոս քհնյ. Մալոյեան նամակ մը կը յղէր իր գերապայծառ հօր` յանձին Անդրէաս Աղեքսանդրեանին:

Նամակը սրբութեան ճանապարհին վրայ գտնուող հոգիի մը անկեղծ լուսանցքն է: 1899-ին Մալոյեան դեռ 30-ամեայ հեզ եւ խոնարհ քահանայ մըն էր, հեռու Մարտինի արիւնալի նահատակութեան պսակէն` 1915-էն, սակայն իր գրիչին տակ արդէն իսկ կը զգացուէր այն նուիրումը, լեզուագիտական եւ իմաստասիրական ծարաւը, նաեւ` հովուական նախանձախնդրութիւնը, որոնք զինք պիտի առաջնորդէին դէպի անթառամ փառաց պսակը:

126 տարիներ առաջ Աղեքսանդրիայէն խմբագրուած նամակին բովանդակութենէն կը բացայայտուի սուրբին հոգեկան եւ մտաւոր աշխարհի հիմնական սկզբունքները` որդիական խոնարհութիւնը եւ յարգանքը` հանդէպ իր մեծաւորին. արդ, նամակը կը սկսի գերապայծառ հօր լուսանկարին յաջողման եւ տպագրութեան մանրամասնութիւններով (retouche, ombre): Մալոյեան նախանձախնդիր եղած է, որ պատկերը ըլլայ բնական, անխաթար եւ արժանապատիւ: Այս փոքրիկ կենցաղային հոգատարութեան ետին կը ցոլայ իր անսահման սէրն ու հաւատարմութիւնը, յարգանքն ու հնազանդութիւնը` եկեղեցական իշխանութեան հանդէպ:

Ինքնազարգացման եւ լեզուներու տիրապետման ձգտումը, իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան ուղեկցած է. արդ, Աղեքսանդրիոյ մէջ ծառայած միջոցին ան ինքնաշխատութեամբ փորձած է սորվիլ անգլերէն  եւ խորացնել արաբերէնի իմացութիւնը: Ան չէ բաւարարուած իր գիտելիքներով` «ուսման զբաղումս քիչ կ՛երեւայ» ըսելով, այլ ինքզինք մնայուն կրթութեան մղած է:

Զարկ տուած է միջեկեղեցական երկխօսութեան եւ առաքելութեան: Նամակին ամէնէն յատկանշական բաժինը ղպտի եկեղեցականներու հետ իր հանդիպումներն են: Մալոյեան ծանօթութիւն եւ մտերմութիւն հաստատած է ղպտիներու եպիսկոպոսին եւ քահանաներուն հետ: Անոնց դաւանաբանական առարկութիւններուն եւ վիճաբանութիւններուն հիմնաւոր պատասխաններ տալու միտումով ան գիշեր-ցերեկ ուսումնասիրած է Քրաուսի «Եկեղեցական պատմութիւն»* հսկայածաւալ երկասիրութիւնը:

Առաքելական նախանձախնդրութեամբ անոր սիրտը տրոփած է ոչ թէ յաղթանակելու, այլ` հոգիներ փրկելու փափաքով. «Ա՜հ, Տէ՛ր, մեծ շնորհք ըրէ՛ ասոնցմէ մի քանին շահիլ»: Ան պատրաստուած է նոյեմբեր ամսուն սկսելիք հայոց «միսիաններուն» (քարոզչական առաքելութիւններուն):

Ուստի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբութիւնը 1915-ին չէ, որ ծնաւ, այլ ան արգասիք էր աղօթասէր, ուսումնասէր եւ հովուական նուիրումով լեցուն հոգիի մը դրսեւորման, որ բացայայտուեցաւ հալածանքներու եւ ճնշումներու որպէս հակադրութիւն:

Սոյն նամակը պատմական վկայութիւն մըն է, որ սրբութիւնը պատահականութիւն չէ, այլ` ամէնօրեայ հաւատարմութիւն, աղօթք, աշխատանք եւ անմնացորդ սէր առ Աստուած եւ առ մերձաւոր:

126 տարի ետք, Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի այս խոհերը կը մնան այժմէական եւ խրախուսող բոլոր ժամանակներու համար:

Զմմառ

* Ֆրանս Քսաւեր Քրաուսի – «Եկեղեցական պատմութեան դասագիրքը»: Գերմանացի կաթողիկէ աստուածաբան եւ արուեստի պատմաբան Ֆրանս Քսաւեր Քրաուսի (1840-1901) յայտնի աշխատասիրութիւնն է, որ հրատարակուած է 19-րդ դարու վերջերուն, առաջին անգամ` 1872 թուականին, եւ լայնօրէն օգտագործուած է ուսանողներու կողմէ:

Աշխատութիւնը բաղկացած է Վաղ քրիստոնէական շրջանի, միջնադարի, նոր ժամանակներու եկեղեցական պատմութիւններէ:

Քրաուսի յայտնի է նաեւ քրիստոնէական հնութիւններու եւ հնագիտութեան ոլորտի մէջ իր ուսումնասիրութիւններով, մասնաւորապէս` «Քրիստոնէական հնութիւններու հանրագիտարան»-ով:

 

Նախորդը

Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները

RelatedPosts

Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները
Անդրադարձ

Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները

October 17, 2026
Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը  (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)

October 17, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Նորացուած Համայնավարութեան Կեղծիքը

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.