Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուիթքոֆ. «Յոյսով Եմ, Եւ Թերեւս Վստահ Եմ, Որ Յառաջիկայ Օրերուն Կազայի Հարցին Վերաբերեալ Ելքի Մը Մասին Կը Յայտարարուի»

Սեպտեմբեր 26, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջին Արեւելքի հարցով Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ նշեց. «Յոյսով եմ, եւ թերեւս վստահ, որ յառաջիկայ օրերուն Կազայի հարցին մէջ ելքի մը մասին կը յայտարարուի»:

Ուիթքոֆ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Միջին Արեւելքի եւ Կազայի մէջ խաղաղութեան 21 կէտերէ բաղկացած ծրագիրը կարգ մը ղեկավարներու ներկայացուեցաւ:

Պատասխանելով Իրանի հետ դիւանագիտական հոլովոյթի մասին հարցումի մը` ան ըսաւ. «Մենք անոնց հետ կը խօսինք»` աւելցնելով. «Իրան դժուար կացութեան մէջ է, եւ մենք անոնց հետ բանակցելու փափաք ունինք»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու նոր ծրագիր մը ներկայացուցած է երեքշաբթի օր Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 80-րդ նիստի ծիրին մէջ արաբ եւ իսլամ ղեկավարներու հետ իր գումարած ժողովի ընթացքին: Այս մասին հաղորդեցին ամերիկեան «Աքսիոս» կայքն ու իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը` մէջբերելով ժողովին մասնակցած կամ անոր պարունակութենէն տեղեկացուած երեք աղբիւրներ:

Թրամփ յայտնած է, որ նոր ծրագիրը կը ներառէ «բոլոր պատանդներու ազատ արձակում, տեւական զինադադար, իսրայէլեան բանակի Կազայէն աստիճանական հեռացում, Կազայի մէջ Համաս շարժումը լուսանցքայնացնող նոր իշխանութեան համակարգ», ինչպէս նաեւ «ապահովական ուժ մը, որուն մաս կը կազմեն արաբական եւ իսլամական պետութիւններէ զինուորներ, նոր վարչակազմին եւ վերաշինութեան արաբական ֆինանսաւորում, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան որոշ դերակատարութիւն»:

Ժողովի մասնակիցներէն մէկը յայտնած է, թէ Թրամփ արաբ ղեկավարներուն ըսած է, որ «անհրաժեշտ է պատերազմը շտապ կերպով աւարտել»` աւելցնելով, որ անոր շարունակութիւնը «Իսրայէլը իւրաքանչիւր օր աշխարհի վրայ աւելի պիտի մեկուսացնէ»:

Աղբիւրները յայտնած են, թէ Թրամփ եւ Սթիւ Ուիթքոֆ արաբ եւ իսլամ ղեկավարներուն կոչ ուղղած են` պատրաստելու «յաջորդ օրուան» ծրագիր մը, եւ անոր գործադրութեան մասնակցութեան յանձնառու ըլլալու:

Թրամփի հետ ժողովին մասնակցած են Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը եւ Եգիպտոսէն, Սէուտական Արաբիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Փաքիստանէն եւ Ինտոնեզիայէն ներկայացուցիչներ:

Ժողովի մասնակիցներէն մէկը ըսած է. «Արծարծուած շարք մը սկզբունքներ Թրամփի փեսային` անոր նախկին խորհրդական Ճարետ Քուշների եւ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլերի առաջադրած սկզբունքներն են»:

Արաբ ղեկավարները իրենց կարգին ներկայացուցած են ծրագիրին աջակցելու համար շարք մը պայմաններ, որոնք ներառած են «Իսրայէլի Այսրյորդանանէն բաժիններ կամ Կազան չկցելու յանձնառութիւն, Կազայի մէջ շրջաններ չգրաւել կամ այդտեղ բնակեցման վայրեր չստեղծել, Աքսայի մզկիթին դէմ ոտնձգութիւնները դադրեցնել, դէպի Կազա մարդասիրական օժանդակութեան հոսքի անմիջական յաւելում»:

Աղբիւրները նշած են, թէ Թրամփ անոնց յստակացուցած է, թէ «Իսրայէլին պիտի չարտօնէ Այսրյորդանանէն բաժիններ կցել»:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դրական կերպով ընկալեց այն կէտերը, զորս արաբ ղեկավարները արծարծեցին Նիւ Եորքի մէջ իրենց ժողովի ընթացքին:

Նախորդը

«Սուրիոյ Հետ Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին» Կ՛ըսէ Նեթանիահուի Գրասենեակը

Յաջորդը

Բագրատունի Սէուտական Արաբիոյ 95-րդ Ազգային Տօնին Առիթով Շնորհաւորեց Դեսպան Պուխարին

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?