Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը հաղորդեց. «Սուրիոյ հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ մեր նպատակը Իսրայէլի շահերը երաշխաւորելն է»:
«Բանակցութիւններուն մէջ մեր շահերը կը ներառեն Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքի ապազինումը եւ տիւրզիներու անվտանգութեան պահպանումը», նշեց գրասենեակը:
Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք նախքան այդ յայտնած էր. «Սուրիան եւ Իսրայէլը եզրին կը գտնուին գոյացնելու հանդարտեցման համաձայնութիւն մը, որուն հիմամբ Իսրայէլ իր յարձակումները կը դադրեցնէ, իսկ Սուրիան համաձայն կը գտնուի ծանր զէնքեր սահմանին մօտ չտեղափոխելու»:
Պարրաք ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած էր, թէ համաձայնութիւնը առաջին քայլ մը պիտի ըլլայ ուղղութեամբը ապահովական համաձայնութեան, որուն շուրջ երկու երկիրները կը բանակցին:
Ամերիկացի պատուիրակը աւելցուցած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ աշխատանք կը տանի երկու կողմերուն միջեւ համաձայնութեան կնքման, եւ այդ մասին այս շաբաթ պիտի յայտարարուի, սակայն մինչեւ հիմա բաւարար յառաջընթաց չէ արձանագրուած, ինչպէս նաեւ այս շաբթուան զուգադիպող հրէական նոր տարին հոլովոյթը դանդաղեցուցած է:
«Բոլորը հարցին նկատմամբ բարի կամեցողութիւն կը ցուցաբերեն», ըսած էր ան: