Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Նիւ Եորքի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն աւարտին որեւէ յայտարարութիւն չկատարեցին:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի օգնական Թամի Փիկըթ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Ռուպիօ «կրկնեց նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչը` սպանութեան վերջ տալու, եւ անհրաժեշտութիւնը, որ Մոսկուան որդեգրէ կարեւոր քայլեր` Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ տագնապի տեւական լուծման հասնելու համար»
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 80-րդ նիստի ծիրին մէջ Ռուպիօ-Լաւրով հանդիպումը տեղի ունեցած է Նիւ Եորքի մեծ պանդոկներէն մէկուն մէջ: