ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Փաոլօ արք. Պորճիային յղեց նամակ մը Լեւոն ԺԴ. պապին Լիբանան սպասուող այցելութիւնը նկատելով չափազանց կարեւոր իր պարունակած համակեցութեան ու խաղաղութեան պատգամին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ քրիստոնէութեան ծննդավայր Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար աջակցութեան արտայայտութեան եւ յոյսի պատգամին համար:
Հայ դատի մարմինը այս առիթով Լեւոն ԺԴ. պապին ուշադրութիւնը հրաւիրեց մշակութային այն ցեղասպանութեան վրայ, որ կ՛իրագործուի Արցախի մէջ, ուր հայկական քրիստոնէական ժառանգութիւնը կը բնաջնջուի ուղղակի կերպով` հայկական եկեղեցիներու աւերումով կամ ալ անուղղակի կերպով` կազմակերպելով Ազրպէյճանի «Խաւիարի դիւանագիտութեան» ճամբով պետական ֆինանսաւորումով «միջազգային խորհրդաժողովներ», ուր անոնց ինքնութիւնը կը նենգափոխուի:
Հայ դատի մարմինը նաեւ նշեց, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները նախապէս 2005-2007 թուականին եւս նոյն ոճիրը գործած էին ազրպէյճանական բանակին հրամայելով ամբողջովին վերացնել Ջուղայի պատմական խաչքարերը:
Հայ դատի մարմինը սրբազան քահանայապետին կոչ ուղղեց` պաշտպանելու Արցախի մէջ քրիստոնէական սրբավայրերն ու անոնց ինքնութիւնը, այսպիսով վերջ տալով այդտեղ գործուող մշակութային ցեղասպանութեան:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը այս առիթով նաեւ շնորհաւորեց պապական նուիրակը, Լեւոն ԺԴ. պապը, Կաթողիկէ եկեղեցին ու ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհը Հայոց ցեղասպանութեան խաչելութեան ուղիէն անցած եւ նահատակութենէն սուրբերու դաս բարձրացած Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասման առիթով: