. ՆԱԽԱԳԱՀ Ժոզեֆ Աուն Նիւ Եորքի «Եունիըն Լիկ Քլապ»-ին մէջ Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէն եկած լիբանանցիներու հետ իր հանդիպումին ընթացքին վստահութիւն յայտնեց, որ արտերկրի լիբանանցիները Լիբանանը պիտի չլքեն եւ երկրին վերականգնման երթին մէջ անոր ու լիբանանեան պետութեան կողքին պիտի կանգնին:
Նախագահը արտերկրի լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց` յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու, «որովհետեւ ձեր քուէն պարզապէս տուփին մէջ դրուող թուղթ չէ, այլ աւելի ապագայի յոյս է, փոփոխութեան քուէ է, եւ պայմանները ինչ որ ալ ըլլան պէտք է մեծաթիւ մասնակցութիւն բերէք, եւ ատիկա ձեր ուսերուն վրայ դրուած պատասխանատուութիւն է»:
. ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզզէտտին շեշտեց, որ «իսրայէլեան բռնագրաւումին շարք մը գործակալներ անպարտ հռչակելու եւ ազատ արձակելու որոշումը քաղաքական ու իրաւական մեծ բացթողում է»` զգուշացնելով «այս գործելաոճին ազգային գերիշխանութեան եւ արդարադատութեան անկախութեան վրայ հետեւանքներէն»:
Ան «կարգ մը արդարադատական եւ քաղաքական կողմերու վրայ գործակալները ազատ արձակելու համար բանեցուող արտաքին ճնշումներու տարողութեան» մասին հարց տուաւ` նշելով. «Հանրային կարծիքը իրաւունք ունի այդ որոշումներու ենթահողերուն եւ անոնց ետին կանգնողներուն մասին իմանալու»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Իսրայէլի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին համաձայն մինչեւ սահման չհեռանալուն նպատակը հարաւային Լիբանանի մէջ կացութիւնը իսրայէլեան վերահսկողութեան տակ պահելն է` սպասելով շրջանային կարգ մը թղթածրարներու վճռումին եւ պատերազմի վերսկսման, երբ պայմանները յարմար ըլլան»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի կեցուածքը անցողակի չէր, այլ արձանագրուեցաւ անմիջապէս աւարտէն ետք այն պայմանաժամին, երբ պէտք էր Հըզպալլան պետութեան հետ գործակցէր` իր զէնքը յանձնելու համար: Բան մը, որ յառաջիկայ փուլին շուրջ հարցականներու դուռ կը բանայ»: