Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց, որ Լիբանանի հետ սահմանին վրայ, իսրայէլեան բնակեցման վայրերուն մէջ լայնածաւալ ռազմափորձերու կը ձեռնարկէ:
Բանակը նշեց, որ կիրակի գիշեր սկսող եւ հինգշաբթի օր աւարտող ռազմափորձերուն ընթացքին պիտի կիրարկուին շրջանի պաշտպանութեան եւ ուղղակի սպառնալիքներու հակադարձութեան տարբեր բեմագրութիւններ:
Իսրայէլեան բանակը հաղորդեց, որ ռազմափորձերու ընթացքին պիտի լսուին պայթումի, անօդաչու թռչող սարքերու եւ պատերազմական օդանաւերու ձայներ, պիտի կիրարկուին մարտանաւեր եւ ապահովական ուժերու մեծաթիւ շարժումներ պիտի նկատուին:
«Նշեալ ռազմափորձին վայրը նախապէս ճշդուեցաւ իսրայէլեան բանակի 2025-ի տարեկան մարզումներու ծրագիրին ծիրին մէջ, եւ ապահովական դէպքերու արձանագրման վերաբերեալ որեւէ մտահոգութիւն գոյութիւն չունի», նշեց իսրայէլեան բանակը: