ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ողջունեց «լիբանանեան կառավարութեան` բանակի ճամբով երկրին բոլոր հողերուն վրայ իր գերիշխանութիւնը հաստատելու ջանքերն ու յանձնառութիւնը»:
Խորհուրդը ընդգծեց, որ «Լիբանանի կառավարութենէն զատ ուրիշ որեւէ իշխանութիւն չենք ճանչնար», եւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` աշխուժացնելու լիբանանեան բանակին իր աջակցութիւնը, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ Լիթանի գետէն հարաւ անոր ազդու եւ տեւական տեղակայումը:
Ապահովութեան խորհուրդի անդամները վերահաստատեցին «ՖԻՆԻՒԼ-ի նկատմամբ իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը»` կոչ ուղղելով «բոլոր կողմերուն անհրաժեշտ բոլոր քայլերը որդեգրելու` երաշխաւորելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի անդամներուն ու կեդրոններուն անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը»` աւելցնելով, որ խաղաղապահ ուժերու թիրախաւորումը ամբողջովին անընդունելի կը նկատուի:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեցին` «յարգելու 26 նոյեմբեր 2024-ին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ թշնամական արարքները դադրեցնելու համաձայնութեան հիմամբ իրենց ստանձնած յանձնառութիւնները, ինչ որ համահունչ է միջազգային մարդասիրական օրէնքին, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի քաղաքայիններու պաշտպանութեան»:
Անոնք ողջունեցին լիբանանեան կառավարութեան Սուրիոյ հետ Լիբանանի սահմանները սահմանազատելու եւ սահմանագծելու պատրաստակամութիւնը, ինչպէս նաեւ մաքսանենգման դէմ պայքարելու անոր ջանքերը»:
«Անհրաժեշտ է ամբողջական կերպով գործադրել Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 եւ թիւ 1559 որոշումները», ընդգծեցին Ապահովութեան խորհուրդի անդամները: