Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզզէտտին Հըզպալլայի վեց ղեկավարներու` Իպրահիմ Մոհամետ Քպէյսիի, Խըտըր Համմուտի Աթուիի, Հիւսէյն Հանի Իզզէտտինի, Ֆուատ Շաֆիք Խարհալ Խանաֆերի, Ապպաս Իպրահիմ Շարաֆէտտինի եւ Մոհամետ Ալի Իսմայիլի նահատակութեան միամեակին առիթով «Սեն Թերեզ» համալիրին առջեւ կազմակերպուած ոգեկոչման հանդիսութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ողջունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքը, մասնաւորաբար ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի խօսքերը մերժելը` զայն նկատելով իմաստուն ու յանդուգն:
Երեսփոխանը պետական իշխանութեան կոչ ուղղեց «ամերիկեան բացայայտ միջամտութիւններուն» եւ «իսրայէլացի թշնամիին կողմնակալութեան ցուցաբերման» նկատմամբ միացեալ կեցուածք որդեգրելու եւ խիստ պատասխան տալու:
Ան նաեւ կառավարութեան կոչ ուղղեց գործադրելու իր աշխատանքային ծրագիրը, նախ եւ առաջ յարձակումի դադրեցումը եւ իսրայէլեան ուժերու բռնագրաւուած հողերէն ու կէտերէն հեռացումը, ինչպէս նաեւ անմիջապէս ձեռնարկելը վերաշինութեան եւ քանդուած տուներէն վնասուածներու փոխհատուցման:
Ան յորդորեց վերաշինութեան վարկեր ներառել 2026-ի ամավարկին մէջ, որպէսզի քաղաքացին իր կեանքին նկատմամբ կառավարութեան հետաքրքրութիւնը զգայ:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամը ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի խօսքերը նկատեց Նեթանիահուի կողմէ արտասանուած եւ լիբանանեան քաղաքական կողմ մը ոչնչացնելու կոչ` զանոնք որակելով «Լիբանանի գերիշխանութեան ոտնահարում եւ համայնքային հրահրում»:
Իզզէտտին կոչ ուղղեց պետութեան հաստատութիւններուն կողմէ Լիբանանի, անոր ժողովուրդին ու հաստատութիւններուն հասցէին ուղղուած «վարկաբեկումներուն» միացեալ պատասխան մը տալու:
Ան զգուշացուց ամերիկացի անձնաւորութիւններու յայտարարութիւններէն` վկայակոչելով ամերիկացի ծերակուտական Լինտսի Կրահամի սպառնալիքը, թէ զինուորական ընտրանքի պիտի դիմուի, եթէ զինաթափումը խաղաղ կերպով կատարելու փորձերը ձախողին` ընդգծելով, որ այդ հռետորաբանութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան եւ անոր ժողովուրդի անվտանգութեան «ուղղակի սպառնալիք» կը ներկայացնէ:
Երեսփոխանը նաեւ նշեց, որ «անձնատուութեան ընտրանքը մերժելի է», եւ Լիբանանին ու անոր ժողովուրդին արժանապատուութեան պաշտպանութեան հարցին մէջ զիջում չկայ: