Նորվեկիոյ Ֆիորտէ քաղաքին մէջ վերջ գտաւ 2025 աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը:
Վերջին օրը տեղի ունեցան տղոց 110 քկ-էն աւելի, ինչպէս նաեւ աղջկանց 89 քկ-էն աւելի բարձր կշիռներու աւարտականները:
Աղջկանց ախոյեան դարձաւ հարաւայինքորէացի Փաք Հայ-Ճէոնկ, որ Ողիմպիական խաղերուն արծաթ մետալակիրն էր:
Քուպացի Մարիֆելիքս Սարիա շահեցաւ արծաթ մետալը, իսկ Մարի Թէյսըն-Լափեն (Միացեալ Նահանգներ) շահեցաւ պրոնզ մետալը:
Վարազդատ Լալայեան երկրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ աշխարհի ախոյեան` երկու փոքր ոսկի մետալներու կողքին շահելով երկամարտի ոսկի մեծ մետալը` 461 քկ ընդհանուր հաշուով: Ան իր վերջին փորձին փորձեց աշխարհի նոր մրցանիշ մը արձանագրել` 261 քկ բարձրացնելով էփոլէ-ժըթէի ձեւին մէջ, բայց չկրցաւ հաստատ պահել ձողը իր գլխուն վերեւ հակառակ անոր որ շատ մօտ էր մրցանիշին:
Ուրեմն, Լալայեան դարձաւ աշխարհի ախոյեան, Հայաստանի ազգային խումբին համար ոսկի մեծ մետալ ձեռք ձգելով, մինչ Նորվեկիոյ ոչ շատ յաջող ելոյթ ունեցած ազգային խումբի միւս անդամները մէկ փոքր արծաթ եւ 1 փոքր պրոնզ մետալ շահած էին միայն:
Տղոց 110 քկ կշիռէն աւելի դասակարգի Բ. դիրքը գրաւեց հայկական դպրոցը աւարտած Գոռ Մինասեան, որ Պահրէյնի դրօշին տակ շահեցաւ արծաթէ մեծ մետալ, ինչպէս նաեւ արծաթէ 2 փոքր մետալներ:
Լալայեանի գլխաւոր մրցակիցներ Ալի Տաատի (Իրան) եւ հարաւայինքորէացի Սոն Եոնկ-Հուան ձախողեցան լաւ արդիւնք ձեռք ձգել: