Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու փտածութեան հարցով իր դատավարութեան նիստը մուտք գործելէ առաջ յայտարարեց. «Կազա քաղաքին մէջ զինուորական լայնածաւալ գործողութեան սկսանք»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ը:
«Այսօր վճռական փուլի մէջ ենք եւ կարեւոր բաներ տեղի կ՛ունենան», ըսաւ ան:
Նախքան այդ, «Աքսիոս», մէջբերելով իսրայէլացի պաշտօնատարներ, հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակը սկսաւ Կազա քաղաքը գրաւելու իր ցամաքային գործողութեան»:
Անոնք ամերիկեան կայքին նշած են, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Նեթանիահուին յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը «կը զօրակցի Կազայի մէջ ցամաքային գործողութեան եւ կ՛ուզէ, որ անիկա արագօրէն աւարտի»:
Իսրայէլացի ականաւոր պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին ըսած է. «Ռուպիոն Կազայի մէջ ցամաքային գործողութիւնը չկատարելու կոչ չուղղեց»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը իր կարգին «Աքսիոս»-ին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը Իսրայէլը պիտի չզսպէ եւ անոր պիտի արտօնէ Կազայի պատերազմին մէջ իր սեփական որոշումը տալու»:
«Կազայի մէջ պատերազմը Թրամփի պատերազմը չէ, այլ` Նեթանիահուի, եւ ան պիտի կրէ այնտեղ պատահելիքին պատասխանատուութիւնը», աւելցուց պաշտօնատարը:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց երէկ յայտարարեց. «Կազան կ՛այրի: Իսրայէլեան բանակը պողպատէ բռունցքով կը հարուածէ ահաբեկչական ենթակառոյցները, եւ անոր զինուորները կը կռուին պատանդներու ազատ արձակման եւ Համասը պարտութեան մատնելու պայմանները պատրաստելու համար: Պիտի չզիջինք ու պիտի չնահանջենք, մինչեւ առաքելութիւնը աւարտի»:
Քաց աւելի ուշ նաեւ շեշտեց. «Եթէ Համաս գերիները ազատ չարձակէ եւ իր զէնքերը չյանձնէ, Կազա քաղաքը պիտի քանդենք»:
«Պէտք է Կազայի մէջ ամբողջ ուժով գործել` թշնամիին վնասելու եւ զինուորները պաշտպանելու համար», ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ զգուշացուց, թէ Համաս «շատ կարճ ժամանակ» ունի զինադադարի համաձայնութիւնը ընդունելու:
Ռուպիօ Իսրայէլէն Քաթար մեկնելու ընթացքին լրագրողներուն ըսաւ. «Իսրայէլացիները այդտեղ (Կազայի մէջ) գործողութիւններու գործադրութեան կը սկսին, ուստի կը կարծենք, որ մեր առջեւ համաձայնութիւն գոյացնելու համար շատ կարճ ժամանակ գոյութիւն ունի: Այլեւս ամիսներ չունինք: Կրնայ օրեր ըլլալ, կամ քանի մը շաբաթ»:
«Մեր առաջին ընտրանքը այս տագնապին աւարտիլն է բանակցային լուծումի ճամբով, որուն մէջ Համասը կ՛ըսէ, թէ իր զէնքը պիտի յանձնէ եւ այսուհետեւ վտանգ պիտի չներկայացնէ», աւելցուց ան:
«Երբ երբեմն Համասի պէս բարբարոսներու խումբի հետ գործ ունինք, ատիկա կարելի չ՛ըլլար, սակայն կը յուսանք, որ տեղի ունենայ», նշեց Ռուպիօ:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Իւեթ Քուփըր յայտարարեց. «Կազայի վրայ իսրայէլեան նոր յարձակումը միայն յաւելեալ արիւնահոսութեան եւ անմեղ քաղաքայիններու սպանութեան պիտի յանգեցնէ»:
«Կազայի մէջ իսրայէլեան նոր գործողութիւնը պատանդներու կեանքը վտանգի կ՛ենթարկէ», նշեց Քուփըր:
Եւրոպական Միութեան բանբեր մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց. «Եւրոպական յանձնաժողովը վաղը` չորեքշաբթի օր Իսրայէլի դէմ նոր պատժամիջոցներու հաւանութիւն պիտի տայ»: