Ռաֆինիա, Լեվանտովսքի եւ Ֆերմին Լոփես երկուքական կոլեր նշանակեցին, եւ Պարսելոնա 6-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Վալենսիան, «Լա լիկա»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով:
Այս մրցումը տեղի ունեցաւ Պարսելոնայի փորձի դաշտին` «Եոհան Քրոյֆ»-ի անուան դաշտին վրայ, որ 6 հազար հանդիսատես կ՛ընդունի:
«Քամփ Նու» դաշտի նորոգութիւնները աւարտած են, բայց ակումբը տակաւին վերջնական փաստաթուղթերը չէ ամբողջացուցած մրցումներ հիւրընկալելու համար 100 հազար հանդիսատես ընդունող դաշտին վրայ:
Պարսելոնա շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ, հակառակ անոր որ մրցումէն կը բացակայէր 18 տարեկան Լամին Եամալ (վիրաւոր):
Պարսելոնայի առաջին մրցումն էր (իր դաշտին վրայ), որ կը կատարէր «Էսթատի Եոհան Քրոյֆ»-ի մէջ, ուր ելոյթ կ՛ունենան Պարսելոնայի աղջկանց, պահեստի եւ երիտասարդներու խումբերը:
Իր վերջին երկու տարեշրջաններու «տան մրցումներ»-ուն համար Պարսելոնա կ՛օգտագործէր Պարսելոնայի Ողիմպիական մարզադաշտը, մինչ «Քամփ Նու» կը վերանորոգուէր:
Այս յաղթանակը Պարսելոնայի 3-րդն էր 4 մրցումներու ընթացքին: Ան 2 կէտով ետ կը մնայ Ռէալ Մատրիտէն, որ օր մը առաջ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Ռէալ Սոսիետատը` այս վերջինիս դաշտին վրայ:


