«Փրեմիեր լիկ»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Լիվըրփուլ բաւական դժուարութիւն ունեցաւ լաւ կազմակերպուած Պըրնլիի դէմ մրցումին եւ պէտք ունեցաւ 95-րդ վայրկեանին նշանակուած փենալթիի մը` յաղթելու համար անոր:
Մանչեսթըր քաղաքի «տերպի»-ին, Սիթի բաւական դիւրին յաղթանակ մը արձանագրեց Եունայթըտի դէմ` բարձրանալով 8-րդ դիրք, մինչ Եունայթըտ 14-րդ դիրքը գրաւեց:
Պըրնլի, որ մայիս 2024-էն ի վեր պարտութիւն չէր կրած իր դաշտին վրայ, լաւ ձեւով պաշտպանուեցաւ Լիվըրփուլի դէմ, որ նախկին 3 մրցումներուն դժուարութիւն չէր ունենար կոլ նշանակելու, մինչ Լիվըրփուլի մարզիչ Առնէ Սլոթ նկատի չէր առած շուէտացի Ալեքսանտր Իսաքը, որ բրիտանական մրցանիշով մը միացած էր Նիւքեսըլէն:
Առաջին կիսախաղին գրեթէ առանց վտանգաւոր յարձակումներու աւարտելէ ետք, Լիվըրփուլ բաւական ճնշեց Մարթին Տուպրասքայի բերդին վրայ, բայց Սալահ, Էքեթիքէ, Վիրց, Կրաւենպերխ եւ Սոպուլայ չկրցան իրենց առիթները կոլի վերածել: Ալճերիացի Հանիպալ Մեժպրիի ձեռքին դպնալէ ետք գնդակը, եգիպտացի Սալահ նշանակեց մրցումին միակ կոլը` փենալթիով, 95-րդ վայրկեանին:
Եունայթըտի մրցումը աւելի հաւասարակշռուած էր, բայց Ռուպին Ամորեմի խումբը «պակաս բան մը ունի»… Խումբը բաւական բարելաւուած ֆութպոլ կը կիրարկէ այս տարեշրջանին, սակայն այդ կարեւոր վերջին ճիշդ փոխանցումը կամ աւելի ֆինիշինկը կը պակսի: Երբեմնի «բախտաւոր» խումբը այժմ դարձած է «անբախտ», եւ կարծէք անէծք մը կայ խումբին վրայ` ամէն մրցումի մեծ թիւով առիթներ կորսնցնելու:
Այո՛, Մանչեսթըր Սիթի հանգիստ յաղթանակ արձանագրեց արդիւնքով, բայց դաշտի վրայ այդքան ալ միակողմանի չէր մրցումը, ուր լաւ ելոյթ ունեցաւ իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Տոնարուման, որ Սիթիի շապիկով առաջին ելոյթը կ՛ունենար:
Սիթի ունէր այն, ինչ որ Եունայթըտ չունէր. այդ վերջին կարեւոր փոխանցումը եւ ֆինիշինկը: Ֆիլ Ֆոտըն նշանակեց առաջին կոլը, մինչ նորվեկիացի Էրլինկ Հաալանտ շնորհիւ իր արագութեան եւ ուժին 2 կոլ ալ աւելցուց:


