. ՌՈՒՍԻՈՅ անցեալ տարուան ախոյեան Կրասնոտար անդրադարձած է իր խմբապետ եւ Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Էդուարդ Սփերձեանի արդիւնաւէտ խաղարկութեան:
«Մեր խմբապետը հզօր ձեւով սկսած է այս տարեշրջանը: Ան իր 9-րդ էսիսթը կատարեց Ռուսիոյ բարձրագոյն դասակարգին մէջ, որ լաւագոյնն է 8 հանգրուաններէ ետք: Էդոն 85 կէտ հաւաքած է կոլ + էսիսթ համակարգով եւ այս ցուցանիշով ան կը գրաւէ պատմութեան 3-րդ դիրքը», գրած է ակումբին մամլոյ ծառայութիւնը:
. ՍԼՈՎԱՔԻՈՅ ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին, Սլովան Պրաթիսլաւա իր դաշտէն դուրս 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ժիլինայի հետ: Փայլուն ելոյթ մը եւս ունեցաւ Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան, որ երկու կոլ նշանակեց (առաջինը` փենալթիով):
. ԷՄ. ԷԼ. ԷՍ.-ի ախոյեանութեան 30-րդ հանգրուանին, Ինթեր Մայեմի 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց Շարլոթէն: Հեթ-թրիք իրագործեց Իփան Կորնօ: Լիոնել Մեսսի 32-րդ վայրկեանին փենալթի մը կորսնցուց: Ինթեր Մայեմիէն Թոմաս Աւիլես 79-րդ վայրկեանին իր 2-րդ դեղին քարտը ստացաւ եւ հեռացուեցաւ դաշտէն:
Գերմանացի Թոմաս Միւլըր իր 2-րդ մրցումին (իբրեւ հիմնական մարզիկ) 3 կոլ նշանակեց եւ իր ակումբը` Վանքուվըր Ուայթքեփս 7-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ֆիլատելֆիա Եունիընը:
Միւլըր իր 36-րդ տարեդարձին օրը իր ասպարէզի 6-րդ հեթ-թրիքը արձանագրեց:
Ասիկա Միւլըրի 4-րդ կոլն էր Ուայթքեփսի հետ, այդ կոլերուն 3-ը փենալթիներով էին:
. ԽՐՈՒԱԹ պատմական միջնապահ Լուքա Մոտրիչ իր առաջին կոլը նշանակեց Ա. Սէ. Միլանի հետ, եւ իր խումբը 1-0 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Պոլոնիային` «Սերի Ա.»-ի 3-րդ հանգրուանի մրցումին:
40 տարեկան Մոտրիչ անզսպելի հարուածով մը պարտութեան մատնեց Պոլոնիայի լեհ բերդապահ Լուքաս Սքորուփսքին:
. ՖՐԱՆՍԱՅԻ ազգային խումբի ծայրի յառաջապահ Պրատլի Պարքոլայի տուպլէին շնորհիւ Փարիզ Սեն Ժերմեն 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լանսը եւ յաջորդական 4-րդ յաղթանակը արձանագրելով գրաւեց «Լիկ 1»-ի պարագլուխի դիրքը:


