«Սերի Ա.»-ի անցեալ եղանակի ախոյեան Նափոլի իր յաջորդական 3-րդ յաղթանակը արձանագրեց` պարտութեան մատնելով Ֆիորենթինան եւ փաստելով, որ այս տարուան ախոյեանութեան ալ թիւ 1 թեկնածուն կը մնայ:
Քալիարիի դէմ 1-0 արդիւնքով դժուար յաղթանակէ մը ետք, Քեվին Տը Պրույնէ (փենալթիով) բացաւ մրցումին հաշիւը 6-րդ վայրկեանին: Դաշտին տէրերը փորձեցին փոխադարձել, բայց Նափոլի շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ կը գտնուէր, եւ քանի մը շաբաթ առաջ Մանչեսթըր Եունայթըտէն փոխանցուած Ռասմուս Հոյլունտ արդիւնքը 2-ի բարձրացուց ի նպաստ Նափոլիի, 14-րդ վայրկեանին:
Ֆիորենթինա աւելի լաւ սկսաւ խաղալ Բ. կիսախաղին, բայց Նափոլի ինք էր, որ 3-րդ կոլ մը եւս նշանակեց 51-րդ վայրկեանին, Սամ Պէօքմայի շնորհիւ: Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին խմբակեց Սքոթ Մաքթոմինէյ առիթ ունէր կոլ մը եւս նշանակելու իր «ընկերոջ»` Տաւիտ Տը Խէայի բերդին մէջ, բայց այս վերջինս աւելի արթուն էր եւ զսպեց հարուածը:
Նափոլիի մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ մրցումի վերջին բաժինին «հանգստացուց» իր կարեւոր մարզիկներէն մաս մը` աւելի պատրաստ ըլլալու համար հինգշաբթի օրուան Մանչեսթըր Սիթիի դէմ («Չեմփիընզ լիկ») մրցումին:
79-րդ վայրկեանին Լուքա Ռանիերի կոլ մը նշանակեց ի նպաստ Ֆիորենթինայի, որ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը:
Նափոլիի 3 յաջորդական յաղթանակներուն միացաւ Եուվենթուս, որ իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէր Ինթեր Միլանը:
«Տերպի տ՛Իթալիա» կոչուած այս ճակատումին, Ինթեր Միլան աւելի լաւ սկսաւ, բայց Եուվենթուս օգտուեցաւ Ինթերի պզտիկ սխալէ մը` նշանակելով մրցումին առաջին կոլը, շնորհիւ Լոյտ Քելլիի կոլին: Նիւքեսըլի յետսապահը Պրեմըրի փոխանցումէն օգտուեցաւ 14-րդ վայրկեանին:
30-րդ վայրկեանին Հաքան Չալհանօղլու կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը, մինչ իր ազգակից Քենաան Եըլտըզ 355 մեթրէն նշանակեց Եուվէի 2-րդ կոլը: Բ. կիսախաղին Ինթեր շատ աւելի լաւ էր, ուր Չալհանօղլու եւ Մարքուս Թիւրամ յաջորդական կոլեր նշանակեցին: 7 վայրկեան ետք Մարքուսի կրտսեր եղբայրը` Քեֆրեն Թիւրամ նշանակեց Եուվէի հաւասարութեան կոլը (83-րդ վայրկեանին): 91-րդ վայրկեանին Վասիլիէ Ածիչ անզսպելի հարուածով մը (30 մեթրէն) յաղթանակը նուիրեց Եուվէին, որ 2018-2019 տարեշրջանէն ի վեր 3 յաջորդական յաղթանակներով չէ սկսած ախոյեանութիւնը, մինչ Ինթեր, որ տարեշրջանի իր 2-րդ յաջորդական պարտութիւնը կրեց, միայն 1 անգամ կրցած է յաղթել Եուվէի դաշտին վրայ վերջին 13 այցելութիւններուն:


