Ուզպեքիստանի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի «Կրանտ-Սուիս 2025» մրցաշարքը կը շարունակուի, եւ 9-րդ հանգրուանին հայ վարպետ Ռոպերթ Յովհաննիսեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց աշխարհի ախոյեան հնդիկ Կուքեշ Տոմարաճուի (Կուքեշ Տի.) հետ:
Կուքեշի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ այլ հայ վարպետ մը` Գաբրիէլ Սարգսեան, որ նոյն մրցաշարքի 2023-ի տիտղոսակիր (հնդիկ) Սանթոշ Կուճրաթի Վիտիթի հետ հաւասարութիւն մը արձանագրած էր:
Այս հանգրուանին Սամուէլ Սեւեան եւ Լեւոն Արոնեան պարտութիւններ կրեցին յաջորդաբար Արճուն Էրիկայսիէն եւ Անտի Վուտվորտէն:
Առաջին դիրքը կը գրաւէ գերմանացի վարպետ Մաթիաս Պլոպաում` 6,5 կէտով, մինչ Շանթ Սարգսեան 5,5 կէտ ունի, Արամ Յակոբեան` 5, Սամուէլ Սեւեան` 5, Ռոպերթ Յովհաննիսեան` 4, Գաբրիէլ Սարգսեան` 4, Լեւոն Արոնեան` 4 եւ Հայկ Մարտիրոսեան` 3 կէտ:


