Պայերն Միւնիխի եւ Գերմանիոյ պատմութեան լաւագոյն պաշտպան Ֆրանց Պեքընպաուըրի նուիրուած յատուկ յիշատակի կոթողի մը բացումը տեղի ունեցաւ վերջերս Միւնիխի մէջ:
Արձանը, որ մէկուկէս անգամ աւելի մեծ է, քան նախկին ֆութպոլիստը, որ 1,81 մեթր հասակ ունէր, այժմ կը գտնուի իր նախկին խմբակից Կերտ Միւլըրի արձանին մօտ` Միւնիխի «Ալխանց Արենա» մարզադաշտի մուտքին:
20 ամիս առաջ մահացած «կայսր» Պեքընպաուըրի արձանի բացման արարողութեան ներկայ էին իր կինը` Հայտի Պեքընպաուըր, եւ մեծ թիւով խմբակիցներ ու մարզիկներ, որոնք 1990-ին Պեքընպաուըրի մարզիկները եղած էին, երբ Մոնտիալը շահեցան անոր գլխաւորութեամբ: Ուլի Հէօնես, Քարլ-Հայնց Ռումենիկէ, Զեփ Մայըր, Քլաուս Աուկընթալըր, Փոլ Պրայթնըր, Լորար Մաթէուս, Շթեֆան Ռոյթըր, Փիեռ Լիթպարսքի, Ռեմոն Աուման, Հանզի Ֆլիւկլըր, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Վոլֆկանկ Նիրշպախ ներկաներուն կարգին էին:
Պեքընպաուըր 7 յունուար 2024-ին մահացած էր 78 տարեկանին: Ան յատուկ դէմք մըն էր Պայերն Միւնիխի պատմութեան մէջ նախ իբրեւ մարզիկ, ապա իբրեւ զանազան պատասխանատու պաշտօններ վարած անձ, եւ անշուշտ երկար ժամանակով իբրեւ ակումբի նախագահ: Ան աշխարհի ախոյեան դարձած էր իբրեւ մարզիկ եւ մարզիչ: Ան 2006-ի Մոնտիալը կազմակերպչական կոմիտէի նախագահ ալ նշանակուած էր:
«Այս կոթողը պրոնզէ շինուած Պայերնի մասունք մըն է: Կեանքը կարճ է, ֆութպոլի ասպարէզը կարճ է, բայց հերոսները յաւերժական են: Ի՜նչ ուշագրաւ ուղեւորութիւն… Կեանքի ի՜նչ պատմութիւն», ըսաւ Պայերն Միւնիխի այժմու նախագահ Հերպերթ Հայնըր` աւելցնելով. «Սիրելի՛ Ֆրանց, հիմա հոս կանգնած ես քու խմբակից Կերտ Միւլըրի կողքին: Դուք երկու ապրող օրինակներ էք, որոնցմէ պիտի ոգեւորուին ապագայ սերունդները:
Պեքընպաուըրի կոթողը կանգնեցաւ անոր ծննդեան 80-րդ տարեդարձէն օր մը ետք, մինչ «Ալիանց Արենա»-ի հասցէին այսուհետեւ պիտի կոչուի «Ֆրանց-Պեքընպաուըր-փլաց 5»: Իր կրած թիւ 5 շապիկն ալ պաշտօնապէս մնաց «իրը», եւ կարելի չէ, որ որեւէ մարզիկ Պայերն Միւնիխի թիւ 5 շապիկը կրէ:
Գերմանիոյ գերբաժակի մրցումն ալ արդէն իսկ կոչուեցաւ «Ֆրանց Պեքընպաուըր բաժակ», որ Պայերն շահած էր անցեալ ամիս:
Նշենք, որ կոթողը պատրաստած էր իտալացի արուեստագէտ Մաթիլտ Ռոմանիոլի, որ Միւնիխ կ՛ապրի եւ նախապէս պատրաստած էր նաեւ Կերտ Միւլըրի կոթողը:


