Յառաջիկայ ուրբաթ օր Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ալիլ Կազիեւի յիշատակին նուիրուած Ճիու-Ճիթսուի մրցաշարք մը, ուր հանդիսատեսները առիթ պիտի ունենան դիտելու հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին «Եու.Էֆ.Սի.»-ի աստղ հայազգի Արման Ծառուկեան պիտի մրցի թեթեւ կշիռի նախկին ախոյեան Պենսըն Հենտերսոնի դէմ:
Մոսկուան այս մրցաշարքը կազմակերպած է աշխարհի չորս ծագերէն հրաւիրելով Ճիու-Ճիթսու եւ ըմբշամարտի զանազան ոճի մարտիկներ:
Իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ այլ հայ մարտիկ մը` Արթուր Քսփոյեան, որ կը մասնակցի Ռուսիոյ դրօշին տակ:
«Եու. Էֆ. Սի.»-ի մարտիկ Արման Ծառուկեան առայժմ պաշտօնական մրցում չունի մօտիկ ապագային «Եու. Էֆ. Սի.»-ի գծով, ան պարզապէս ըմբշամարտի տեսակաւոր մրցաշարքերու կը մասնակցի` լաւ վիճակի մէջ մնալու համար:


