Աշխարհի ախոյեանութեան եռակի պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի քառակի ախոյեան Արսէն Յարութիւնեան փառաւոր յաղթանակով հասաւ ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան կիսաւարտական:
Զաղրեպի (Խրուաթիա) մէջ տեղի ունեցող 57 քկ կշիռի մրցումներուն, Արսէն Յարութիւնեան քառորդ աւարտականին 14-3 հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Փարիզի Ողիմպիականի փոխախոյեան ամերիկացի Ռիչըրտ Լիի դէմ:
Արսէն Յարութիւնեան մրցաշարքը սկսած էր շատ արագ եւ 2 վայրկեանէն դուրս ձգած էր ուքրանացի Վլատիսլաւ Ապրամովը 10-0 արդիւնքով: 1/8-րդ հանգրուանին Արսէն Յարութիւնեան 13-8 արդիւնքով դուրս ձգեց Մոնկոլիոյ ներկայացուցիչ Մունխ Պաթխույակը:
70 քկ կշիռի մրցումներուն, Արման Անդրէասեան պրոզէ մետալի մրցումին պիտի մրցի աշխարհի փոխախոյեան, Ասիոյ ախոյեան Խըրխըզիստանի ներկայացուցիչ Էրնազար Ահմատալիեւի դէմ:


