Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Ռուսիան Կ՛ակնկալէ Հաղորդակցութիւններու Ապաշրջափակման Ծիրին Մէջ Շարունակել Հայաստանի Հետ Երկխօսութիւնը»

September 13, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան կ՛ակնկալէ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ծիրին մէջ շարունակել Հայաստանի հետ երկխօսութիւնը: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան` մեկնաբանելով «Թրամփի ուղի»-ն:

Անոր համաձայն, նախագիծի գործելուն վերաբերող իրական պատկերացում կարելի է ունենալ միայն անոր մանրամասնութիւնները ուսումնասիրելէ ետք:

«Անհրաժեշտ է նաեւ հաշուի առնել շարք մը լրացուցիչ գործօններ. Հայաստանը ԵԱՏՄ-ի միասնական մաքսային տարածքին մաս կը կազմէ, «Ռուսական երկաթուղիներ»-ու դուստր ձեռնարկութիւնը` «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութիւնը կը կառավարէ Հայաստանի երկաթուղային ցանցերը, Ռուսիոյ սահմանապահները կը պահպանեն սահմանը այն տարածքին մէջ, ուրկէ ենթադրաբար պիտի անցնի նշուած երթուղին», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

«Ռուսիան հետեւողականօրէն կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան», յայտարարեց ան:

Անոր համաձայն, դժուար է գնահատել Ռուսիոյ ներդրումը յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի մէջ, եւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ներկայ փուլը սկսած է Ռուսիոյ եւ անձամբ նախագահ Վլատիմիր Փութինի գործօն աջակցութեամբ:

Զախարովա յիշեցուցած է, որ Մոսկուայի անմիջական մասնակցութեամբ 2020-2022 թուականներուն կարելի եղած է հասնիլ բարձրագոյն մակարդակով եռակողմանի համաձայնութիւններու, որոնք բառացիօրէն դադրեցուցած են արիւնահեղութիւնը եւ սահմանած խաղաղութեան հոլովոյթի հիմնական ուղղութիւնները:

«Մենք մեր հայ եւ ազրպէյճանցի պաշտօնակիցներէն գործնական քայլեր կ՛ակնկալենք` «3+3» ձեւաչափով երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարներու յաջորդ հանդիպումի վայրին եւ թուականներուն վերաբերեալ արագ համաձայնեցման համար», ըսած է ան:

Զախարովայի համաձայն, «3+3» շրջանային համագործակցութեան հարթակը լաւ հարթակ է հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ հարաւային Կովկասին վերաբերող այլ թեմաներու քննարկման:

Նախորդը

«Հաարեց». «Թուրքիան Կրնայ Քաթարէն Ետք Իսրայէլի Երկրորդ Թիրախը Ըլլալ»

Յաջորդը

ՀՅԴ ՀԵՄ-ը Ցոյց Կատարեց Կառավարութեան Շէնքին Առջեւ` Բողոքելով Թուրք Պաշտօնատարին Հայաստան Այցելութեան Դէմ

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.