Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մելիքեանի Հետաքրքրական Հարցազրոյցը

Սեպտեմբեր 13, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան, որ վերջերս նշանակուած էր մարզիչ` ազգային խումբը գլխաւորելու, փոխարինելով Նետերլանտներու Ճոնի Վանթ Սխիփը, հետաքրքրական հարցազրոյց մը տուած է հանրային պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Պետրոս Ղազարեանի:

Մելիքեան խօսած է նաեւ Հենրիխ Մխիթարեանի վերադարձի կարելիութեան մասին:

Ան ըսած է. «Դժբախտաբար, մենք չունինք ազգային խումբը զօրացնելու աղբիւրներ: Ունինք ինչ որ ունինք եւ կրնանք առաւելագոյնը մէկ-երկու ֆութպոլիստ աւելցնել: Այդ ընթացքին կրնան երիտասարդներ յայտնուիլ, օրինակ` Փիլոյեանի նման, բայց մենք ո՛չ ներսը ո՛չ ալ դուրսը աղբիւրներ ունինք:

«Ունինք լաւ երիտասարդներ, բայց ժամանակի կը կարօտինք, իսկ համակիրը չի սիրեր սպասել: Մխիթարեանի հետ յաճախ կապի մէջ եմ… այսօր ալ խօսեցայ անոր հետ: Չեմ կրնար բացայայտել, թէ ի՛նչ քննարկեցինք, բայց յոյս ունիմ: Կարծեմ անպայման պէտք է երթամ Իտալիա, անոր հետ հանդիպիմ, խօսիմ եւ մօտենամ: Առայժմ չեմ գիտեր իր կարծիքը, բայց երբ տեսնեմ անպայման պիտի փորձեմ զինք համոզել», ըսաւ Մելիքեան:

Նշենք, թէ Մխիթարեան 2022-ի մարտ 3-ին աւարտած էր ազգային խումբի իր ասպարէզը:

Մելիքեան խօսեցաւ նաեւ իր եւ ֆետերասիոնի միջեւ տարակարծութիւններուն մասին. «Ես տարիներ շարունակ քննադատական դիրքորոշում ունեցած եմ, քանի որ այդ մէկը իմ բնաւորութիւնն է: Երբ տեսնեմ, որ սխալ բաներ կ՛ըլլան, բարձրաձայն կը բողոքեմ: Ճիշդ է, որ ես ալ միշտ ճիշդ չեմ, բայց բնաւորութեամբ արտայայտուող եմ, պայքարող եմ եւ բացէ ի բաց խօսող: Իմ երազս եղած է ազգային խումբը մարզելը, երբ արդէն մարզչական առաջին քայլերս կ՛առնէի: Աւելի ուշ, երբ մարզական հարցեր ունէինք, օրինակ` Թուրքիոյ դէմ մրցումէն առաջ, մարզիչ չունէինք, շատեր չեն գիտեր այս մասին: Այդ պատճառով ես կը բանամ չակերտները… թող գիտնան: Քննադատութիւնը մէկ կողմը. բայց ես կը սիրեմ մեր ֆութպոլը, իմ երազս եղած է ազգային խումբին մարզիչը դառնալ: Ես խաղցած եմ ազգային խումբէն եւ շատ լաւ գիտեմ ի՛նչ կարեւորութիւն ունի հաւաքականը»:

Մելիքեան շարունակեց. «Թուրքիոյ դէմ մրցումէն առաջ, երբ տակաւին մարզիչ չունէինք մինչեւ Փեթրաքովի նշանակուիլը, պաշտօնը ազատ էր եւ այս գծով հետս խօսակցութիւն եղաւ: Մեծ փափաք ունէի ընդունելու այդ պատասխանատուութիւնը, եւ ըսի, թէ պատրաստ եմ ամէն ինչ մէկ կողմ դնելու, բոլոր սխալներուն քննադատութիւնները մոռնալու, նոյնիսկ եթէ համաձայն չէի շատ մը որոշումներու, բայց եթէ խօսքը կը վերաբերի հայկական ֆութպոլի, առաւել եւս Թուրքիոյ դէմ պայքարին, եւ անմիջապէս կ՛անցնէի գործի: Այդ ժամանակ չհասկցայ, թէ ինչ էին պատճառները, բայց որոշում չկայացաւ: Նոյն ձեւով Վրաստանի դէմ մրցումէն առաջ, մարզիչի պաշտօնը թափուր էր մինչեւ նետերլանտցի մարզիչին նշանակումը: Ես անձամբ յայտնեցի, որ պատրաստ եմ օգնելու հաւաքականին` Վրաստանի դէմ խաղերուն նախապատրաստուելու համար: Այդ ատեն եւս ես կը քննադատէի: Կ՛ուզեմ ըսել այո՛ ես քննադատած եմ եւ չեմ զղջար անոր համար, բարձրաձայն կը խօսիմ սխալներուն մասին, զորս հիմա ալ կը տեսնեմ եւ այդ կը մատնանշեմ, բայց եւ այնպէս երբեք չեմ ըսած, որ չեմ մարզեր ազգային խումբը:

Գիտէի, որ ժամանակը պիտի գայ: Երբ ինծի առաջարկեցին, ես մեծ սիրով ընդունեցի: Առաջին հերթին իմ երազս էր, նաեւ պատրաստ էի կրելու այդ բեռը, յաղթահարելու դժուարութիւնները, ծանօթանալու խնդիրներուն, անոնց լուծման համար աշխատելու, որպէսզի յառաջ երթանք:

«Ես ֆետերասիոնին մէջ աշխատելու չեմ կոչուած, այլ ազգային խումբը մարզելու: Իմ աշխատավայրս հանդերձարանին մէջն է: Ես տակաւին չեմ հասած խօսելու այն հարցերուն մասին, զորս կը քննադատէի: Անպայման ժամանակ կը գտնենք, ֆետերասիոնի նախագահի եւ փոխնախագահի հետ կը նստինք կլոր սեղանի շուրջ, կը խօսինք ամէն ինչի մասին: Կը քննարկենք այն հարցերը, որոնց մասին հեռուէն: իսկ այժմ մօտէն կը խօսիմ: Հիմա ինծի համար հանդերձարանը կարեւոր է, այսինքն` ես վերջապէս ներսէն տեսայ ամէն ինչ: Երեւանի մէջ բոլոր մրցումներուն ներկայ եղած եմ իբրեւ «Փիւնիկ»-ի մարզիչ, իբրեւ համակիր:

Հոնկէ կը տեսնէի խնդիրները, բայց զիս կը հետաքրքրէր ներսէն հասկնալ այդ բոլորը եւ գտնել լուծումներ: Ինծի կ՛օգնէ այն, որ ունիմ ոգի, գիտելիքներ եւ վստահութիւն: Վստամ եմ, որ այս ամէնը ժամանակի հարց է եւ ամէն ինչ կը լուծուի», յոյս յայտնեց մարզիչ Մելիքեան:

Նախորդը

Մխիթարեան Ընտրուեցաւ Իտալիոյ «Ճենթըլմէն»-ը

Յաջորդը

Ղարիպեան Կը Միանայ Քլերմոնի

RelatedPosts

«Չելենճ Քափ 2025».  ՀՄԸՄ-ի «Փորձ»-ի Մրցաշարքը
Մարզական

«Չելենճ Քափ 2025». ՀՄԸՄ-ի «Փորձ»-ի Մրցաշարքը

Հոկտեմբեր 13, 2025
Ծանրաբարձութիւն.  Վարազդատ Լալայեան` Աշխարհի Ախոյեան
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Վարազդատ Լալայեան` Աշխարհի Ախոյեան

Հոկտեմբեր 13, 2025
2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Մելիքեան. «Առիթներ Ունէինք Կէտեր Խլելու…»
Մարզական

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Մելիքեան. «Առիթներ Ունէինք Կէտեր Խլելու…»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?