16 տարեկան հայ միջնապահ Միլան Ղարիպեան պիտի շարունակէ իր ասպարէզը Ֆրանսայի մէջ:
Ֆրանսա ծնած Ղարիպեան, որ հայկական հպատակութիւն ալ ունի, պայմանագիր կնքած է Քլերմոնի երիտասարդներու (19 տարեկանէն վար) խումբին հետ մինչեւ 2027:
Անցեալ տարեշրջանի յարձակող ոճի միջնապահ ֆութպոլիստը եղած է Օլիմփիք Ռովընէն ակումբի մարզիկ` ըլլալով լաւագոյն տարրերէն 17 տարեկանէն վար խումբին հետ:
Ան ախոյեանութեան լաւագոյն միջնապահ ընտրուած էր 2024-2025 տարեշրջանին` նշանակելով 17 կոլ:
Քլերմոն ակումբին միանալով Ղարիպեանի ապագան կրնայ նոր ուղղութիւն ստանալ, մանաւանդ որ Քլերմոն մաս կը կազմէ Բ. դասակարգի խումբերուն, եւ ան կրնայ առիթ ունենալ մասնակցելու անոնց հետ մօտիկ ապագային: