Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան Իտալիոյ մէջ արժանացաւ «Ճենթըլմէն» մրցանակին:
Ամէն տարի Միլանի մէջ տեղի ունեցող հանդիսութեան այս մրցանակը կը տրուի արդար խաղի («ֆեր-փլէյ»-ի) լաւագոյն մարզիկին:
Այս տարի ամէնէն շատ մրցանակներ շահած են Ինթէր Միլանէն ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին նախագահ Ճիուզեփէ Մարոթան եւ փոխնախագահ Խաւիէ Զանեթթին, ինչպէս նաեւ Լաութարօ Մարթինէս, Քարլոս Աուկուսթօ եւ Նիքոլօ Պարելլա:
«Ուրախ եմ եւ ինծի պատիւ է ասիկա, կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք քուէարկեցին ինծի: Այս մրցանակը կ՛արտացոլացնէ, թէ, ինչպիսի՛ անձ մըն եմ: Ես չեմ փորձեր այդպիսի ըլլալ, պարզապէս ես այդպէս եմ: Հաւանաբար այդ մէկը իմ բնաւորութեանս հետ կապ ունի, բայց բան մը չէ, որ ես իմ մասիս կրնամ ըսել», նշեց Մխիթարեան: