Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի մէջ երիտասարդութեան ու պատանիներու զարգացման բաժնի տնօրէն Ամալ Օպէյտն ու կազմակերպութեան մէջ երիտասարդներու եւ պատանիներու զարգացման ու համարկման մասնագէտ Ապիր Ապու Զաքին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նախարար Պայրագտարեանի` երիտասարդներու յատուկ ազգային ռազմավարութեան մշակման ջանքերը, ինչպէս նաեւ ստեղծումը անհրաժեշտ գործիքակազմի, որ կիրարկելի ըլլայ, նկատի ունենայ երկրին մէջ երիտասարդութեան պայմանները եւ անոնց տայ յոյս` աւելի լաւ ապագայի կառուցման: