Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թշնամին Մեզի Կը Յայտնէ Լիբանանը Կցելու Իր Նպատակը, Ուստի Դիմադրութիւնը Զինաթափելու Իսրայէլի Դրօշը Բարձրացնողները Ինչ Արդարացում Ունին» Կ՛ըսէ Խաթիպ

September 13, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շիիներու իսլամական բարձրագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ Իրանի Մաշհատ քաղաքէն իր ուրբաթօրեայ պատգամը յղելով` յայտնեց. «Համայնքային բազմազանութիւն ունեցող Լիբանանը խարսխուեցաւ սխալ հիմերու վրայ, անոր վարչակարգը հիմնուեցաւ համայնքային դրութեամբ` փոքրամասնութեան պահպանման ու անոնց լուծման վախէ մեկնելով: Այսպիսով, փոխանակ քաղաքացիութեան զգացումի ամրապնդման եւ պետութեան կառուցման, որպէսզի բոլոր անոր պաշտպանութիւնը զգան, դիմուեցաւ համայնքայնութեան ամրապնդման, որ պետութիւնը տկարացուց, համայնքներուն միջեւ ատելութիւն սերմանեց, գոյառութիւնը տկարացման եւ համայնքները յաւելեալ վախի մղեց, ինչպէս նաեւ` ուրիշներէն վախնալով ինքզինք պաշտպանելու պատրուակով թշնամիին անձնատուր ըլլալու»:

«Այդ բոլորը անհիմն, անիրական կամ անտրամաբանական արդարացումներ էին, որոնք միայն թշնամիին կը ծառայեն: Մեկնելով ասկէ, անոնք իրենց քարոզչական զէնքերը լարեցին Դիմադրութեան դէմ, որ Լիբանանին վահանը դարձաւ ազատագրելէ ետք անոր բռնագրաւուած հողը, միայն մէկ յանցանքով, որ Լիբանանը վերածեց երկրի մը, որուն հաշիւը կ՛ընեն աշխարհին վրայ, եւ առանց որուն պիտի չընէին», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Լիբանանցիներուն մեծամասնութեան յստակացաւ Հըզպալլայի հասցէին անոնց անիրաւ պնդումներուն կեղծութիւնն ու անոր տրամաբանութեան հզօրութիւնը:

«Մանաւանդ թշնամիին ու անոր ետին կանգնողին բոլոր ըրածներէն ետք, կարելի չէ անոնց խոստումներուն ու փաստաթուղթերուն վստահիլ, ինչ որ կառավարութիւնը մղեց, Դիմադրութեան ու անոր շրջապատի պինդ դիրքորոշման կողքին, չգործադրելու որոշակի պայմանաժամի մէջ զէնքը մենաշնորհելու իր որոշումը», ըսաւ ան:

Շէյխը բաւարար փաստ նկատեց «Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան` Միացեալ Նահանգներու կողմէ խաբէութեան ենթարկուիլն» ու Իսրայէլի յարձակումը Քաթարի դէմ, «որ կ՛ենթադրուէր պաշտպանուած ըլլալ իր հողերուն վրայ գտնուող շրջանին մէջ ամերիկեան մեծագոյն ռազմակայանին կողմէ»:

«Կը բաւէ, որ այս թշնամին հրապարակաւ ու անամօթաբար կը յայտարարէ Լիբանանը Մեծն Իսրայէլի իրագործման ծրագիրին մէջ մեզ ներառելու մասին, որմէ ետք Դիմադրութիւնը զինաթափելու Իսրայէլի դրօշը պարզողները արդարացում մը ունի՞ն, եւ գերիշխան պետութիւնը ինչպէ՞ս կը վերաբերի զէնքը գերիշխանութենէն խլելու իսրայէլեան դրօշը պարզողներուն, թէ ոչ` դիմակներուն ետին եւս դիմակներ կան», հարց տուաւ շէյխ Խաթիպ:

Շիիներու իսլամական բարձրագոյն խորհուրդի փոխնախագահը յոյս յայտնեց, որ տեղի ունեցածը կը ներկայացնէ կառավարութեան կողմէ ընտրութիւնը նոր երթի մը, որ կը սկսի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ երկխօսութեան սեղանին շուրջ Լիբանանը պաշտպանող եւ լիբանանցի ժողովուրդին ազգային միասնութիւնը վերականգնող ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան շուրջ երկխօսութեան հրաւէրով` հեռու մնալով միայն թշնամիին ծառայող պառակտումներէն:

 

Նախորդը

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Մէջ Երիտասարդութեան Ու Պատանիներու Զարգացման Բաժինի Պատասխանատուն

Յաջորդը

Աուն Ընդունեց Հոլլանտը

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.