2026-ի Մոնտիալի զտումներու դադարէն ետք, կը վերադառնան եւրոպական ֆութպոլի ներքին ախոյեանութիւնները, որոնք համակիրներուն մեծ ուշադրութիւնը կը գրաւեն:
Իտալիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան 3-րդ փուլի մրցումները, ուր «Տերպի Տ՛իթալիա» կոչուած ճակատումը իրարու դէմ պիտի հանէ Թորինոյի Եուվենթուսը եւ Միլանոյի Ինթէր Միլանը` 254-րդ անգամն ըլլալով:
Անգլիոյ մէջ 4-րդ հանգրուանի սպասուած մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Մանչեսթըր քաղաքի երկու խումբերը` Սիթին եւ Եունայթըտը:
Գերմանիոյ մէջ 80-ականներու լաւագոյն խումբերէն Համպուրկ պիտի ըլլայ հիւրը` ախոյեան Պայերն Միւնիխի:
Սպանիոյ մէջ Ռէալ Մատրիտ պիտի մեկնի Սան Սեպասթիան մրցելու համար Ռէալ Սոսիետատի դէմ, մինչ Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ 9-րդ դիրքը գրաւող Վալենսիան:
Ֆրանսայի մէջ վերջին տարիներու ամէնէն զօրաւոր խումբը` Փարիզ Սեն Ժերմէն պիտի հիւրընկալէ 5-րդ դիրքը գրաւող Լանսը, մինչ Լիոն պիտի մեկնի Ռեննի դաշտը մրցելու տեղւոյն խումբին դէմ:
Ստորեւ լաւագոյն 5 ախոյեանութիւններու յայտագիրը.
ԱՆԳԼԻԱ
ԱՅՍՕՐ
Արսենալ – Նոթինկհամ Ֆորեսթ
Պորնմաութ – Պրայթըն
Քրիսթըլ Փելես – Սանտըրլենտ
Էվըրթըն – Ասթոն Վիլա
Ֆուլհամ – Լիծ Եունայթըտ
Նիւքեսըլ – Վուլվզ
Ուեսթ Համ – Թոթենհամ
Պրենթֆորտ – Չելսի
ՎԱՂԸ
Պըրնլի – Լիվըրփուլ
Մանչեսթըր Սիթի – Մանչեսթըր Եունայթըտ
ՖՐԱՆՍԱ
ԱՅՍՕՐ
Նիս – Նանթ
Օքսեռ – Մոնաքօ
ՎԱՂԸ
Լիլ – Թուլուզ
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Լանս
Մեձ – Անժէ
Պրեսթ – Փարիզ Ֆ. Ք.
Սթրազպուրկ – Լը Հավր
Ռենն – Լիոն
ԳԵՐՄԱՆԻԱ
ԱՅՍՕՐ
Ֆրայպուրկ – Շթութկարթ
Մայնց – Ռետ Պուլ Լայփցիկ
Վոլֆսպուրկ – Ֆ. Ք. Քէօլն
Ունիոն Պերլին – Հոֆենհայմ
Հայտընհայմ – Տորթմունտ
Պայերն Միւնիխ – Համպուրկ
ՎԱՂԸ
Զանքթ Փաուլի – Աուկզպուրկ
Մէօնշընկլատպախ – Վերտըր Պրեմըն
ԻՏԱԼԻԱ
ԱՅՍՕՐ
Քալիարի – Փարմա
Եուվենթուս – Ինթէր Միլան
Ֆիորենթինա – Նափոլի
ՎԱՂԸ
Ա. Էս. Ռոմա – Թորինօ
Աթալանթա – Լեչէ
Փիզա – Ուտինեզէ
Սասուլօ – Լացիօ Ռոմա
Ա. Սէ. Միլան – Պոլոնիա
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Վերոնա – Քրեմոնեզէ
Քոմօ – Ճենովա
ՍՊԱՆԻԱ
ԱՅՍՕՐ
Խեթաֆէ – Ռէալ Օվիետօ
Ռէալ Սոսիետատ – Ռէալ Մատրիտ
Աթլ. Պիլպաօ – Ալավէս
Աթլ. Մատրիտ – Վիյարէալ
ՎԱՂԸ
Սելթա Վիկօ – Ժերոնա
Լեւանթէ – Պեթիս
Օսասունա – Ռայօ Վայեքանօ
Պարսելոնա – Վալենսիա
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Էսփանիոլ – Մայորքա