. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը օդային բուռն յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի Անսար գիւղին մերձակայքը:
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ յարձակած է Պեքայի եւ հարաւային Լիբանանի Զրարիէ շրջանին մէջ Հըզպալլայի դիրքերուն վրայ: Բանակը նշեց, թէ Պեքայի շրջանին մէջ յարձակում գործած է Հըզպալլայի ռազմավարական մարտական միջոցներու արտադրութեան ու պահեստաւորման ենթակառոյցներու դէմ:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Սուրիոյ նախագահ Շարհի Լիբանան այցելութիւնը ներկայիս բացառուած է, որովհետեւ ներկայ փուլին անոր արտաքին այցելութիւններու ցանկը կը ներառէ Սէուտական Արաբիան, Ռուսիան, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքը` մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 80-րդ նիստին»:
. ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ նախարարը` քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ արդարադատական բանակցութիւններուն հոլովոյթը երկար է եւ դիւրին չէ: Հարցը ժամանակի կը կարօտի, որովհետեւ գոյութիւն ունին իրաւական սկզբունքներ, որոնցմէ Լիբանանը երբեք պիտի չհրաժարի, եւ կան իրաւական շրջագիծեր, որոնք պէտք է յարգուին»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Քաթարի դէմ յարձակումէն անմիջապէս ետք Լիբանանի մէջ ընթացք առին շարք մը քաղաքական ու ապահովական հարցերով հաղորդակցութիւններ: Անոնք այս իրադարձութեան լոյսին տակ երկրին մէջ որեւէ ուղղակի հետեւանք կանխարգիլելու անհրաժեշտութեան հաւաքական գիտակցութիւն մը արտացոլացուցին»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Լիբանան հրաւէր ստացաւ մասնակցելու երկուշաբթի օր Քաթարի մէջ գումարուելիք Արաբական արտակարգ վեհաժողովին` քննարկելու համար զարգացումներ, որոնք տեղի ունեցան Տոհայի դէմ իսրայէլեան յարձակումներէն ետք»:
. «ԱՍԱՍ». «Նուազ քան երկու շաբաթ ետք լիբանանեան բանակի կարողութիւնները զարգացնելու համար Լոնտոնի մէջ պիտի գումարուի ժողովը «Էմ.Թի.Սի.4.Էլ» յանձնախումբին, որուն անդամ են Եւրոպական Միութեան անդամ հիմնական պետութիւններ, ինչպէս նաեւ` Միացեալ Նահանգները»: