Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:
Խորհրդարանի նախագահը հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնեց. «Հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպումները միշտ ալ հոյակապ են»:
Նախագահական պալատը հաղորդեց, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է երկրի ընդհանուր կացութիւնը, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ, ուր իսրայէլեան յարձակումները կը շարունակուին:
Անոնք անդրադարձած են նաեւ Շարմ Շէյխի վեհաժողովէն եւ Կազայի համաձայնութենէն ետք շրջանային զարգացումներուն: