Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց, թէ հաւանութիւն տուած է թղթածրարի մը, որ կը վերաբերի լիբանանեան բանակին շուրջ 14,2 միլիոն տոլար արժողութեամբ ապահովական օժանդակութիւններու կարողութիւններու ամրապնդման:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ նշեալ թղթածրարը պիտի ամրապնդէ լիբանանեան բանակին կարողութիւնը ոչ կառավարական խմբաւորումներու, ներառեալ Հըզպալլայի զէնքի թաքստոցներն ու զինուորական ենթակառոյցները կազմաքանդելու: