Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՐԻՐԻ. «ԼԻԲԱՆԱՆԸ ԻՐԱՆԵԱՆ ԱՐԳԵԼԱՆՈՑ ՄԸ ՉԷ»

April 8, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրաժարեալ կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ «Ֆոր Սիզընզ» պանդոկին մէջ բացումը կատարեց սէուտական-լիբանանեան գործարարական Զ. համագումարին:

Իր խօսքին մէջ Հարիրի դրուատեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դերակատարութիւնը` ընդգծելով, որ Լիբանան եւ Արաբական ծոցի եւ անկէ դուրս գտնուող արաբական կարգ մը երկիրներ քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական մարզերուն մէջ իրանեան միջամտութիւններէ կը տառապին:

Իսկ Լիբանանի դիմագրաւած մեծագոյն հարցը իրանեան միջամտութիւններն են, որոնք պատճառ կը դառնան արաբական աշխարհին մէջ լիբանանեան ընկերութեան դիմագիծը փոխելու:

«Իրանեան այս քաղաքականութիւնը անընդունելի է: Մենք Լիբանանի մէջ չենք փափաքիր իրանեան արգելանոց մը ըլլալ», հաստատեց ան:

Միւս կողմէ, պետական նախարար Ատնան Քասսար շեշտեց սեփական մարզին կողմէ գործարարական ներդրումներու ծիրին մէջ վստահութիւնը վերականգնելու անհրաժեշտութիւնը: Ան ընդգծեց նաեւ Լիբանանի մէջ տնտեսական մարզին ազատութեան կարեւորութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ Լիբանանի բարգաւաճման:

Համագումարին ընթացքին արտասանուեցան նաեւ այլ խօսքեր, որոնք շեշտեցին բոլոր մարզերուն մէջ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ

Անդրադառնալով Հարիրիի արտասանած խօսքերուն` Հըզպալլա երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ այդ խօսքերը սադրանքներ հրահրող արտայայտութիւններ են եւ նոյն նժարի վրայ կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ռոպըրթ Կէյցի յայտարարութիւններուն, որոնք Ռիատէն հնչեցին:

Հըզպալլա նշեց, որ Հարիրիի այս խօսքերը կը փորձեն լուսարձակները շեղել շրջանային հարցերուն մէջ ամերիկեան միջամտութիւններէն:

«Հարիրիի այս կեցուածքները երբեք Լիբանանի կեցուածքները, դերակատարութիւնը եւ շահերը չեն դրսեւորեր, այլ` անոնք համահունչ են շրջանին մէջ կիրարկուող սադրանքներուն եւ բաժանում սերմանելու ամերիկեան ծրագիրներուն», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հըզպալլա դիտել տուաւ նաեւ, որ ըստ «Ուիքիլիքս»ի` յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Դիմադրութեան պարտութեան վրայ իր գրաւը դրած Հարիրի կը փափաքի Լիբանանը վերածել ամերիկեան-իսրայէլեան արգելանոցի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ ԿԸ ՀԱԿԱԴԱՐՁԷ

Մուսթաքպալ հոսանքը երէկ հրապարակեց պատասխան հաղորդագրութիւն մը, որ ուղղուած էր Հըզպալլայի դէմ: Հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ հոսանքը շնորհակալութիւն յայտնեց Հըզպալլային, որ բոլոր լիբանանցիներուն փաստեց, թէ ինք Լիբանանի մէջ Իրանի պաշտօնական բանբերն է:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հըզպալլան գրգռած են իրանեան ղեկավարութեան դէմ կատարուած յայտարարութիւնները եւ ոչ թէ Հըզպալլայի զէնքին ու երկրին սահմանադրութեան դէմ անոր գործած խախտումները:

 

Նախորդը

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ՄԻՔԱԹԻԻ ՄՕՏԻԿ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ. «ՄԹՆՈԼՈՐՏԸ ԴՐԱԿԱՆ Է ԵՒ ՀԱՄԵՄԱՏԱԲԱՐ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.