. ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մոհամետ Հայտար քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Կանխամտածուած բեմագրութիւններ չկան, սակայն տեղի ունեցողները աննախադէպ դէպքեր են, որովհետեւ թշնամին չորեքշաբթի գիշեր քաղաքային դիրքեր ռմբակոծեց: Ճիշդ է, որ թշնամիէն ամէն բան կարելի է սպասել, սակայն լիբանանեան պետութեան հակազդեցութիւնը ի՞նչ է»:
. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Կառավարութիւնը կանգնած է դժուար ընտրանքներու եւ մարտահրաւէրներու դիմաց, որոնք չափազանց մեծ ճկունութիւն եւ զգուշութիւն կը պահանջեն, որովհետեւ կառավարութիւնը չի կրնար ետդարձ կատարել Հըզպալլայի բացառութեամբ գոյութիւն ունեցող ներքին միաձայնութենէն, որուն իրագործման նկատմամբ միջազգային շեշտուած պահանջ գոյութիւն ունի»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 15.000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.465.000 լ.ո.-ի եւ 1.505.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 14.000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.337.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.007.000 լ.ո.: