Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի Գահիրէի մէջ Արաբական լիկայի խորհուրդի 164-րդ նիստի աշխատանքներու ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու որոշումին, զոր որակեց «պատմական», ինչպէս նաեւ պաղեստինեան զէնքի լիբանանեան իշխանութիւններու յանձնման երթի մեկնարկին եւ այլ զինեալ խումբերու զինաթափման պատրաստութեան:
Ռաժժի շեշտեց. «Այս քայլերը պետութեան իշխանութեան եւ գերիշխանութեան բոլոր լիբանանեան հողերու վրայ տարածման նպատակով են, եւ անոնք գերիշխանական որոշումներ են, որոնց վերաբերեալ Լիբանանը որեւէ արտաքին միջամտութիւն կտրուկ կերպով կը մերժէ եւ մեծ յոյս կը կապէ արաբ եղբայրներու անոնց աջակցութեան»:
Ան խօսեցաւ կառավարութեան ու խորհրդարանին ձեռնարկած տարբեր ոլորտներու մէջ բարեկարգման երթին մասին եւ յայտնեց, որ Լիբանան անհամբեր կը սպասէ արաբ եղբայրներուն վերադարձին` երկրին մէջ ներդրումներ կատարելու եւ անոր տնտեսութեան մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունենալու համար` արաբական տնտեսական փոխլրացման եւ իսկական գործընկերութեան ծիրին մէջ:
Լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ անդրադարձաւ իսրայէլեան յարձակումներուն եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի եւ 27 նոյեմբեր 2024-ի զինադադարի համաձայնութեան խախտումներու շարունակման, «հակառակ ամբողջ հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակի տարածման եւ այդտեղէն ապօրինի զէնքի հեռացման ուղղութեամբ Լիբանանի որդեգրած բոլոր քայլերուն»:
Ան միջազգային ընտանիքին վերստին կոչ ուղղեց Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի դադրեցնէ իր յարձակումները եւ առանց նախապայմաններու հեռանայ իր բռնագրաւած բոլոր հողերէն, ինչպէս նաեւ արաբ եղբայրներուն վերստին կոչ ուղղեց` աջակցելու լիբանանեան բանակին, որպէսզի կարենայ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու կառավարութեան որոշումը գործադրել:
Ռաժժի նշեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պատրաստ է սուրիական պետութեան հետ գործակցելու եւ համակարգում կատարելու` լուծելու համար երկու երկիրներուն միջեւ տասնամեակներէ ի վեր առկախ մնացած բոլոր թղթածրարներն ու փշոտ հարցերը, մասնաւորաբար սահմանազատումն ու սահմանագծումը, մաքսանենգման դէմ պայքարը, սուրիական նախկին վարչակարգի բանտերուն մէջ կորսուած լիբանանցիներու հարցը, «ինչպէս նաեւ ոչ նուազ կարեւոր մարդասիրական այլ հարց մը, որ սուրիացի գաղթականներու հարցն է»:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը զօրակցութիւն յայտնեց պաղեստինցի ժողովուրդի օրինական իրաւունքներուն, նախ եւ առաջ պետութիւն ունենալու եւ ինքնորոշման իրաւունքին, պաղեստինցիներու տունդարձի իրաւունքին` «Լիբանանի զանոնք իր հողերուն վրայ բնակեցումը մերժելուն կառչելուն լոյսին տակ»:
Ան շեշտեց, որ Լիբանան կը մերժէ պաղեստինեան դատը ոչնչացնելու որեւէ փորձ, «որովհետեւ անիկա շրջանին որեւէ կայունութիւն պիտի չբերէ, այլ հարցերը աւելի բարդ ու լարուած պիտի դարձնէ»:
Արաբական լիկայի խորհուրդը իր հաղորդագրութեան մէջ որդեգրեց Լիբանանին զօրակցող կէտ մը` աջակցութիւն յայտնելով զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու եւ իր իշխանութիւնը լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ տարածելու կառավարութեան որոշումին` մերժելով այս գերիշխանական հարցին մէջ որեւէ արտաքին միջամտութիւն:
Լիկան նաեւ ողջունեց պաղեստինեան զէնքի յանձնման երթի մեկնարկը եւ կոչ ուղղեց զայն արաբական աջակցութեամբ շարունակելու:
Արաբական լիկայի խորհուրդը վերահաստատեց անդամ պետութիւններուն Լիբանանին աջակցութիւնը ընդդէմ անոր դիմագրաւած տնտեսական տագնապներուն եւ դատապարտեց շարունակուող իսրայէլեան յարձակումները` ընդգծելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի եւ զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան, եւ Իսրայէլի լիբանանեան բռնագրաւեալ բոլոր հողերէն հեռացման անոնց աջակցութիւնը: