Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Քապալան. «Քաղաքացիական Խաղաղութիւնն Ու Լիբանանի Գոյարար Ազգային Ուխտը Վտանգելէն Զգուշացէ՛ք»

September 6, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան յայտնեց. «Այն, ինչ որ Դիմադրութիւնը կատարեց Լիբանանը, անոր պատիւն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանելու առումով, բացարձակապէս անզուգական է: (…) Անիկա այն ուժն է, որ պետութեան, երկրին եւ հաստատութիւններուն վերատիրացաւ, Լիբանանը ազատագրեց ու շարունակեց զայն պաշտպանել եւ տասնամեակներէ ի վեր կը շարունակէ պաշտպանել մեծագոյն գնով, մինչ գոյութիւն ունի կոյր ու անմիտ կառավարութիւն մը, որ համարեայ մեղսակից է: Պետութեան, երկրին ու հաստատութիւններուն վերատիրացած եւ տակաւին զայն իր բոլոր կարելիութիւններով պաշտպանող օրինականութենէն վեր օրինականութիւն չկայ»:

«Նախագահ Աունին կ՛ըսեմ` դուն սահմանադրութեան երաշխաւորն ես, աչքերը քու վրադ են, պահը ճակատագրական է, երկիրը` Ազգային ուխտի վրայ հիմնուած, իսկ անոր ճակատագրական որոշումները` համախոհական, լիբանանեան գոյացութեան գոյարար համայնքները կառավարական, երեսփոխանական եւ այլ օրինականութեան նախապայման են: Դուն պատասխանատուն ես սահմանադրութեան երաշխիքին եւ արգիլելու Ազգային ուխտին հակասող որեւէ նիստ կամ որոշում:

«Պահանջուածը ազգային կազմն ու անոր օրինականութեան բնոյթը պաշտպանելն է: Կառավարութիւնը մեղքի համազօր սխալը սրբագրելու ժամերու հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի:

«Քաղաքացիական խաղաղութիւնն ու Լիբանանի գոյարար Ազգային ուխտը վտանգելէն զգուշացէ՛ք: Այս առնչութեամբ արկածախնդրութիւնը իսլամներու եւ քրիստոնեաներու երկրին համար գոյութենական վտանգ է»:

«Այս պահը կը պահանջէ քաջ ու իմաստուն մարդիկ եւ ոչ թէ ենթակայ գործակալներ: Մեր Լիբանանը վտանգի տակ է, եւ կառավարութեան նիստին կրկնուող որեւէ սխալի պարագային երկիրը պիտի յայտնուի կործանման մէջ: Կան մարդիկ, որոնք միջազգային, շրջանային եւ ներքին մակարդակներու վրայ կ՛աշխատին Լիբանանը ոչնչացնելու, կրկին պատնէշներ բարձրացնելու եւ երկիրը արեան ու վայրագութիւններու մէջ խեղդելու համար», նշեց շէյխ Քապալան:

 

Նախորդը

Ռաժժի. «Զէնքի Մենաշնորհումը Գերիշխանական Որոշում Է, Եւ Որեւէ Արտաքին Միջամտութիւն Կը Մերժենք»

Յաջորդը

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Թրամփի Վարչակազմը Զգուշացուցած Է, Թէ Հըզպալլայի Զինաթափման Համար Լիբանանցի Ղեկավարներուն Ժամանակը Կը Սպառի

RelatedPosts

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար.  Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»
Գլխաւոր լուրեր

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար. Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

September 29, 2026
Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը

September 29, 2026
Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»
Լիբանանեան

Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.