Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կարգաւորման եւ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւնները կ՛ընթանան երկկողմ հիմերով, եւ «արդէն երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութիւն հաստատուած է»: Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
Ժինփինկ ընդգծած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան կարեւորութիւնը` կայուն խաղաղութեան ապահովման համար: Բացի ատկէ, ըստ նոյն աղբիւրին, ան նշած է, թէ Չինաստան կը պաշտպանէ Ազրպէյճանի գերիշխան զարգացման տեսլականը:
Խօսելով երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մասին` Ժինփինկ նշած է, որ Չինաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ներկայիս կապերը կը զարգանան համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակով:
Ան նաեւ յայտարարած է, որ Չինաստան կ՛աջակցի Ազրպէյճանի կապերու ընդլայնման Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան հետ: