Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐՄԱՒԻՐԻ ՄԱՐԶ

April 8, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սարգսեան կը դիմաւորուի աւանդական աղ ու հացով

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ Արմաւիրի մարզ մեկնեցաւ:

Ան ներկայ գտնուեցաւ Այգեկ գիւղի համայնքի նորակառոյց դպրոցի բացման արարողութեան, շրջեցաւ շէնքին մէջ եւ ծանօթացաւ նորակառոյց դպրոցի պայմաններուն: Սերժ Սարգսեան այցելեց նաեւ մարզի կարգ մը ընկերութիւնները, մասնաւորաբար` Արեւշատ գիւղին մէջ գտնուող «Արաքս» թռչնաբուծարանը:

Մարզի Էջմիածինի վարչական տարածքին մէջ նախագահ Սարգսեան այցելեց «Ամսթեր Ֆլաուըրզ» եւ «Պիկա» հայ-հոլանտական միացեալ ընկերութիւնները, շրջեցաւ ծաղկաբոյսերու եւ սունկի աճեցման արտադրամասերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ծանօթացաւ ջերմատներու կառուցման աշխատանքներուն:

Արմաւիրի մարզի Տալուորիկ գիւղին մէջ նախագահը ներկայ գտնուեցաւ Շենիկի ինքնահոս համակարգի գործարկման, որուն շնորհիւ ջուր օգտագործողները կ՛ապահովուին ոռոգման ջուրով: Նշուեցաւ, որ նախքան ինքնահոս համակարգի վերականգնումը, ոռոգուած է 600 հեկտար հողատարածք, իսկ աշխատանքներու աւարտէն ետք ոռոգելի հողատարածքները պիտի աւելնան 500 հեկտարով եւս` ընդհանուր ոռոգելի հողատարածքները հասցնելով 1100 հեկտարի:

Համաշխարհային դրամատան եւ Հազարամեակի մարտահրաւէր հիմնադրամ-Հայաստան ծրագիրի վերջին երկու տարիներու համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք վերականգնուած են Թալինի մայր ջրանցքի յաւելեալ քայքայուած հատուածներն ու կառոյցները եւ ներկայիս Շենիկի ինքնահոս համակարգը սնուցող հիմնական ջրաղբիւրը: Նախագահ Սարգսեանին ներկայացուցին նաեւ Հազարամեակի մարտահրաւէր հիմնադրամ-Հայաստան ծրագիրի հիմնական աշխատանքները եւ ընթացիկ նախագիծերը:

Մարզի Արաքս համայնքին մէջ Սերժ Սարգսեան այցելեց Արմաւիրի մայր ջրանցքի տեղամասը եւ ծանօթացաւ կատարուած աշխատանքներուն:

 

Նախորդը

ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ. «ՀԱՅ ԿՆՈՋ ԴԵՐԸ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ» ՆԻՒԹՈՎ ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ

Յաջորդը

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.