Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւն Ու Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչը Քննարկած Են Ուաշինկթընեան Հանդիպման Արդիւնքները

Օգոստոս 29, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ընդունած է Պաքու այցելող Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնոյը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Ազրպէյճանական կողմի պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, կողմերը քննարկած են երեք շաբաթ առաջ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքները: Ալիեւ յայտարարած է, որ այդ արդիւնքները «պատմական» նշանակութիւն ունին:

Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, հանդիպումին ընդգծուած է «Ազրպէյճանի հիմնական մասի եւ Նախիջեւանի միջեւ անխոչընդոտ փոխադրամիջոցային եւ տարանցիկ կապերու ստեղծման կարեւորութիւնը»:

Կրոնոյ նշած է. «Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնեցուած հարցերու իրականացման հոլովոյթին, ներառեալ փոխադրամիջոցային միջանցքի պարագան»:

Ազրպէյճանի նախագահը յայտնած է. «Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած արդիւնքները պատմական նշանակութիւն ունին»:

Ալիեւ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ ստորագրուած ուաշինկթընեան հռչակագիրը, խաղաղութեան համաձայնագիրի նախաստորագրումը եւ Մինսքի խմբակի լուծարման մասին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միացեալ դիմումը խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ կարեւոր քայլեր են:

Նախորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Երէկ Տեղի Ունեցաւ 2025-2026 Տարեշրջանի Վիճակաձգութիւնը

Յաջորդը

Մեղադրող Կողմը Դատարանին Միջնորդեց Միքայէլ Սրբազանը Մեղաւոր Ճանչնալ` Իշխանութիւնը Բռնագրաւելու Կոչի Յօդուածով

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Թրամփի Յանձնառութիւնը Արցախի Նկատմամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Թրամփի Յանձնառութիւնը Արցախի Նկատմամբ

Հոկտեմբեր 7, 2025
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը

Հոկտեմբեր 4, 2025
Միքայէլ Արք. Աջապահեան Դատապարտուեցաւ 2 Տարուան Ազատազրկման.  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Խստիւ Կը Դատապարտէ
Գլխաւոր լուրեր

Միքայէլ Արք. Աջապահեան Դատապարտուեցաւ 2 Տարուան Ազատազրկման. ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Խստիւ Կը Դատապարտէ

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?