Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եւ ատոր առնչուած կառոյցներու լուծարման վերաբերեալ դիմումը տարածուած է ԵԱՀԿ-ի երկիրներու ծիրին մէջ եւ կ՛ակնկալուի, որ այդ հարցով որոշումը տրուի 1 սեպտեմբերին»:
Պայրամով Ազրպէյճանի նախագահի Ուաշինկթըն այցելութեան արդիւնքներուն նուիրուած կառավարական նիստի ընթացքին նաեւ յայտարարեց. «Պաքուն կ՛ակնկալէ, որ Երեւանը փոխէ Հայաստանի սահմանադրութիւնը եւ ամբողջովին վերցնէ Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները` խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու համար»:
«Մինչեւ այս տարուան յունուարի վերջը Հայաստան համաձայն չէր խաղաղութեան համաձայնագիրի շարք մը կէտերուն: Հայաստանը, մասնաւորաբար, չէ ընդունած այն կէտերը, որոնք կը վերաբերին դատարաններէն հայցերը ետ կանչելուն եւ սահմանին երրորդ ուժերու տեղակայումը չարտօնելուն: Միացեալ Նահանգներ այցելութեան ծիրին մէջ Տանըլտ Թրամփի ներկայութեամբ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն կողմէ ստորագրուած միացեալ հռչակագիրը կը հաստատէ խաղաղութեան հաստատման ոլորտին մէջ Ազրպէյճանի օրակարգը», նշած է Պայրամով:
Ան նաեւ նշած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը դուրս մնացած է հոլովոյթէն. «Ազրպէյճան լուրջ քայլերու ձեռնարկած է շրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար: Մեր երկիրը բացայայտ կերպով յայտարարած է, թէ Ղարաբաղի հարցը Ազրպէյճանի ներքին խնդիրն է: Հակառակ որոշ յաջողութիւններու, որոնք ձեռք բերուած էին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններու ընթացքին, Հայաստանի արագացուած զինումը եղած է բնականոնացման հոլովոյթի աւարտին հասնելու հիմնական խոչընդոտը»: