Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի ղեկավարներուն մասնակցութեամբ եռակողմ վեհաժողովէն ետք ստորագրուած միացեալ հռչակագիրը ցոյց կու տայ, թէ Ազրպէյճանի կողմէ տարիներ շարունակ յառաջ քշուած եւ խթանուած խաղաղութեան նախաձեռնութիւնը միջազգային լայն աջակցութիւն եւ պաշտօնական ճանաչում ստացած է: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով` Ուաշինկթըն տուած Ալիեւի այցելութեան արդիւնքներուն նուիրուած կառավարական յատուկ նիստի ընթացքին:
«Միացեալ յայտարարութիւնը ոչ միայն երկու երկիրներուն միջեւ երկարատեւ զինուած դիմակայութեան վերջ դնող փաստաթուղթ է, այլ նաեւ ազրպէյճանցի ժողովուրդի պատմական արդարութեան համար պայքարի արդիւնք, մեր պետութեան քաղաքական ու դիւանագիտական ուժի եւ միջազգային հեղինակութեան արտայայտութիւն», ըսած է Ասատով:
«Միացեալ հռչակագիրի կարեւորագոյն կէտերէն մէկը կը վերաբերի շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային եւ կապի գիծերու բացման: Հայրենական պատերազմէն ետք նախագահ Իլհամ Ալիեւ բազմիցս եւ վճռականօրէն յայտարարած է, որ պէտք է ապահովուի Ազրպէյճանի հիմնական մասէն դէպի Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւն անարգել ցամաքային անցումը: Բոլոր դժուարութիւններուն, անհամաձայնութիւններուն եւ տարբեր դիրքորոշումներուն հակառակ, պետութեան ղեկավարի այս պահանջը նոյնպէս ընդունուած է Հայաստանի կողմէ», ընդգծած է ան:
Ասատով ըսած է, որ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթը յստակօրէն կ՛ընդգծէ Ազրպէյճանի հիմնական մասին եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան միջեւ անարգել եւ յուսալի հաղորդակցութեան ապահովման կարեւորութիւնը:
«Այդ նպատակով կը նախատեսուի Միացեալ Նահանգներու կողմէ աջակցուող յատուկ ենթակառուցային նախաձեռնութիւն` «Միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման Թրամփի երթուղին»: Ասիկա էական փոփոխութիւններ պիտի ստեղծէ ոչ միայն Ազրպէյճանի, այլ նաեւ ամբողջ շրջանի տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական քարտէսին վրայ», ըսած է Ազրպէյճանի վարչապետը: