Սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանն ու ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեցին, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հինգշաբթի օր Արեւելեան Սուրիոյ Հասաքէ շրջանին մէջ բնակող քիւրտերու քաղաքացիութիւն շնորհած է: Անոնք մինչեւ այժմ իբրեւ օտարերկրացիներ արձանագրուած էին:
Սուրիական վերոնշեալ լրատուամիջոցները նաեւ հաղորդեցին, որ Ասատ պաշտօնազրկած է վերջերս ցոյցերու թատերաբեմ դարձած շրջաններէն Հոմսի նահանգապետը:
Միւս կողմէ, Եւրոպական խորհրդարանը պահանջեց, որ Սուրիոյ կառավարութեան հետ համագործակցութեան բանակցութիւնները դադրեցուին, «մինչեւ որ Դամասկոսի մէջ իշխանութիւնները գործադրեն ժողովրդավարական շօշափելի բարեփոխումներ»:


