Նոր իրողութիւններու լոյսին տակ, ռազմավարական առանցքային հարցերէն մէկը «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումն է: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազ Քամրան Ալիեւ:
Անոր համաձայն, այս նախագիծը ոչ միայն Ազրպէյճանի հիմնական մասին եւ Նախիջեւանի միջեւ ցամաքային կապ պիտի ապահովէ, այլ նաեւ պիտի փոխէ ամբողջ շրջանի փոխադրամիջոցային քարտէսը` դառնալով տնտեսական եւ քաղաքական համարկման կարեւոր գործօն:
«Ինչպէս նախագահ Իլհամ Ալիեւ նշած է, «Զանգեզուրի միջանցք»-ը կը ծառայէ ոչ միայն Ազրպէյճանի ազգային շահերուն, այլ նաեւ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի միջազգային համագործակցութեան, առեւտրական յարաբերութիւններու եւ համաշխարհային անվտանգութեան համար:
«Ատոր բացումը պիտի ըլլայ մեր գերիշխանութեան գործնական ուժի, շրջանին մէջ Ազրպէյճանի յառաջատար դիրքի եւս մէկ ցուցանիշ»: