Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Երկու Ցուցատախտակներէն Մէկուն Ուղղութեան Ընտրութեան Գերխնդիրը (Անկախութեան Հռչակագիրի Օրուան Առիթով)

Օգոստոս 23, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ Անկախութեան հռչակագիրին օրուան նշումը որոշ դիրքորոշումներու մասին ընդգծումներ կը կատարէ:

Պարզ է, որ Պաքուն կը ճնշէ Երեւանի վրայ, որպէսզի փոխուի սահմանադրութիւնը: Պաքուն շահագրգռող բաժինը Անկախութեան հռչակագիր-սահմանադրութիւն իրաւական կապն է: Անկախութեան հռչակագիրը չի կրնար չեղարկուիլ: Պատմական փաստ է, փաստաթուղթ, որուն հիմնադրոյթներուն վրայ հիմնուած է Հայաստանի վերանկախացած Հանրապետութիւնը: Այդ դրոյթները վերափոխուեցան իրաւադրոյթի, որովհետեւ սահմանադրութեան նախաբանը յղում կատարեց այդ պատմական փաստաթուղթին: Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պահանջն է, որ իրաւական այդ յղումը չեղարկուի, վերանայ: Այստեղ կան Արցախի վերամիաւորման, համայն հայութեան իղձերու կենսագործման, պատմական իրաւունքներու վերականգնման եւ Ցեղասպանութեան` միջազգային մակարդակով սատար կանգնելու հրամայականները ամրագրող հիմնադրոյթներ:

Երբ նկատենք, որ «Իրական Հայաստան»-ի ապագաղափարախօսութեամբ Երեւանի իշխանութիւնները եւս միեւնոյն նպատակը կը հետապնդեն, կը հետեւցնենք այն, որ սահմանադրութեան փոփոխութիւնը այսօրուան պայմաններուն մէջ թէ՛ պաշտօնական Երեւանի եւ թէ՛ Պաքուի միացեալ առաջադրանքն է:

Մնացեալը շղարշ է, առ այն, որ գործող սահմանադրութիւնն ու նախորդ տարբերակները չեն ստացած ժողովուրդին քուէն, հետեւաբար անհրաժեշտ է հիմնովին փոխել սահմանադրութիւնը եւ ապահովել ժողովուրդի կամքով հաստատուած սահմանադրութիւն:

Պաքուն չէ բաւարարուած խաղաղութեան պայմանագիրի նախաստորագրուած փաստաթուղթի 12-րդ յօդուածի հետեւեալ բաժինով. «Կողմերը իրենց երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ կ՛առաջնորդուին միջազգային իրաւունքով եւ սոյն համաձայնագիրով: Կողմերէն ոչ մէկը կրնայ վկայակոչել իր ներպետական օրէնսդրութեան դրոյթները` իբրեւ սոյն համաձայնագիրի չկատարման հիմնաւորում»:

Սկզբունքով այս մէկը բաւարար պէտք է ըլլար, որ Երեւանը պարտաւորուած չդիմէր սահմանադրութեան փոփոխութեան կամ չընդառաջէր Պաքուի նախապայմանին: Բայց խնդիրը այն է, որ «Իրական Հայաստան» ստեղծելու կեղծ օրակարգին տակ վարչապետին գլխաւորած ուժը կը փորձէ համոզել, որ սահմանադրութեան փոփոխութիւնը անհրաժեշտ է խաղաղութիւն ստանալու համար: Ինչպէս որ անհրաժեշտ էր Արցախի յանձնումը խաղաղութիւն ստանալու համար: Ինչպէս որ անհրաժեշտ էր Սիւնիքի անցքի տրամադրումը խաղաղութիւն ստանալու համար, հիմա ալ անհրաժեշտ է սահմանադրութիւնը փոխել, հրաժարիլ Անկախութեան հռչակագիրի իրաւադրոյթներէն, համազգային բոլոր իրաւունքներէն, խաղաղութիւն ստանալու համար:

Այս երթը կրնայ շարունակուիլ: «Իրական Հայաստան»-ի կայացման համար  կրնան նոր զիջումներ եւս պահանջուիլ: Այս բոլորին արանքին, ԵԱՀԿ-ի լուծարումը, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքէն հրաժարումը, ռազմագերիներու ազատ արձակումը խաղաղութեան գործընթացէն տարանջատումը  եւ մասամբ նորին, կրնան համալրուիլ նոր նախապայմաններով եւ նոր զիջումներով:

Հիմա յայտարարուած է, որ սահմանադրութիւն պիտի փոխուի հանրաքուէով: Ժողովուրդը կանգնած է կարեւորագոյն ստուգատեսի դիմաց: Ճակատագրորոշ ճամբաբաժան է, որուն ցուցանակներուն մէկ ուղղութեան վրայ գրուած է կառչած մնալ Անկախութեան հռչակագիրին եւ համազգային իրաւունքներուն, իսկ միւս ցուցատախտակին վրայ` «Դէպի Իրական Հայաստան»:

Խաչմերուկի այս երկու ցուցատախտակներէն մէկուն ուղղութեան ընտրութենէն կախեալ է ժողովուրդին, ազգին, հայրենիքին, պետականութեան եւ Հանրապետութեան հետագայ ճակատագիրը:

Անկախութեան հռչակագիրի օրը այս վճռորոշ փուլի նախապատրաստութեան մասին կը յուշէ ամէն բանէ առաջ:

Նախորդը

«Լիբանանի Հարցերը Ներքին Երկխօսութեամբ Կը Լուծուին» Կ՛ըսէ Լարիժանի

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 212-ի Լուծում

RelatedPosts

«Լիբանանի Հարցերը Ներքին  Երկխօսութեամբ Կը Լուծուին»  Կ՛ըսէ Լարիժանի
Գլխաւոր լուրեր

«Լիբանանի Հարցերը Ներքին Երկխօսութեամբ Կը Լուծուին» Կ՛ըսէ Լարիժանի

Օգոստոս 23, 2025
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Առկայ Է Իսրայէլը Հարաւային Լիբանանէն  Հեռացնելու Եւ Սահմանային Տնտեսական Գօտի  Ստեղծելու Ամերիկեան Առաջարկ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Առկայ Է Իսրայէլը Հարաւային Լիբանանէն Հեռացնելու Եւ Սահմանային Տնտեսական Գօտի Ստեղծելու Ամերիկեան Առաջարկ

Օգոստոս 23, 2025
ՄԱԿ-ը Պաշտօնապէս Յայտարարեց,  Որ Կազայի Մէջ Սով Գոյութիւն Ունի
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ը Պաշտօնապէս Յայտարարեց, Որ Կազայի Մէջ Սով Գոյութիւն Ունի

Օգոստոս 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?