Կարս-Իգդիր-Արալըք-Տիլուճու երկաթուղիի կառուցմամբ մենք ամէնէն նշանակալի քայլերէն մէկը կը կատարենք իրականացման ուղղութեամբ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի, որ կարեւոր է ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի եւ Եւրասիոյ համար: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլուն:
«Զանգեզուրի միջանցք»-ը պիտի ամրապնդէ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստէ շրջանային խաղաղութեան զարգացման: Բոլոր երկիրներու համար, յատկապէս անոնց, որոնք շահագրգռուած են Միջին միջանցքով, միջազգային առեւտուրի ոսկէ դարաշրջանը պիտի սկսի», ըսած է Ուրալօղլու:
Հայաստանի կառավարութիւնը արձագանգեց Ուրալօղլուին` նշելով, որ Հայաստանի տարածքին մէջ կրնան գործել եւ իրականացուիլ միայն այնպիսի ենթակառոյցային ծրագիրներ, որոնք առաջարկուած, ընդունուած կամ հաստատուած են Հայաստանի կառավարութեան կողմէ: