Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազայի Ողբերգութենէն Առաջ Կար Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

Օգոստոս 22, 2025
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

– Կազայի Ողբերգութենէն Առաջ Կար Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը
– Բեմականացուած
Խաղաղութիւն, Իրական  Անարդարութիւն

Լեռնային Ղարաբաղի  հայ բնակչութիւնը բռնի տեղահանուեցաւ 2023 թուականին, աշխարհը ոչինչ ըրաւ այդ կանխելու համար: Կազան կրնայ նոյն ճակատագիրին արժանանալ:

Ազրպէյճանի բանակի հակակշիռին տակ գտնուող Աղտամ քաղաքի տեսարանը` 2020 նոյեմբերին

Տարիներ շարունակ արցախահայերը ապրած են փխրուն, բայց հպարտ գոյութիւն մը իրենց նախնիներու հայրենիքին մէջ: Արցախի ժողովուրդը աշխատած է, պաշտած եւ ընտանիքներ մեծցուցած է այն տարածքին մէջ, որ միջազգային հանրութեան կողմէ ճանչցուած է որպէս կառավարութեան մը եւ երկրի մը պատկանող, որուն անոնք հաւատարմութիւն չեն ունեցած:

Արցախահայերը յայտնուած են այդ երկրին հետ պարբերական մարտերու մէջ: Ապա պատահեցաւ ամէնէն աղէտալին. շարունակուող հակամարտութիւնը յանգեցուց շրջափակման, աճող սովի եւ, վերջապէս, բնակչութեան զանգուածային տարհանման իրենց տուներէն: Տեղի ունեցաւ ցեղային զտում, եւ աշխարհը ոչինչ ըրաւ այդ կանխելու:

Այս Կազայի պատմութիւնը չէ, գոնէ` տակաւին ոչ: Այս այն է, որ պատահեցաւ Լեռնային Ղարաբաղին` Ազրպէյճանի կազմին մէջ գտնուող կղզիացած շրջանին, որուն մեծամասնութեամբ հայ բնակչութիւնը ստիպուած եղաւ զանգուածաբար փախչիլ սեպտեմբեր 2023 թուականին` ազրպէյճանական յարձակման պատճառով: Սակայն երբ աքսորեալները ինքնաշարժներով կ՛ուղեւորուէին դէպի Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւան, քիչ հաւանականութիւն կար, որ որեւէ օտարերկրեայ ուժ կ՛օգնէր անոնց վերադարձին:

Քանի մը շաբթուան ընթացքին Համասի հարուածը հարաւային Իսրայէլին ցնցեց համաշխարհային քաղաքականութիւնը եւ Միջին Արեւելքը մղեց ամիսներ տեւող քանդիչ պատերազմի:

Լեռնային Ղարաբաղի 150 հազար հայ բնակչութեան, որոնք տասնամեակներ շարունակ ապրած էին տէ ֆաքթօ ինքնավարութեամբ իրենց չճանչցուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ, զրկանքն ու վտարումը շուտով դարձաւ «աննշան դէպք» մը` խորացող հակամարտութիւններու եւ անկայունութեան ժամանակաշրջանին մէջ:

Ուրբաթ, 8 օգոստոս 2025-ին այդ «աննշան դէպքը» կրնայ վերադառնալ լրատուամիջոցներու առաջին էջերուն մէջ, քանի որ նախագահ Տոնալտ Թրամփ կը նախատեսէ հիւրընկալել Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` փորձելով միջնորդել թշնամաբար տրամադրուած դրացիներու միջեւ խաղաղութեան հաստատման: Այս միջոցառումը, ինչպէս` Թրամփի այլ ցուցադրական խաղաղարար ելոյթները, կրնայ աւելի շատ խորհրդանշական ըլլալ, քան` բովանդակալից:

Քննարկումներու կեդրոնական բնաբանը տնտեսականն է, այլ ոչ թէ քաղաքականը` տարանցիկ միջանցքի հնարաւոր ստեղծումը, որ կ՛օգնէ կամուրջ կազմել Ազրպէյճանի տարածքի մեծ մասի եւ Հայաստանի հարաւարեւմտեան սահմանին գտնուող ազրպէյճանական կղզիացած շրջանին միջեւ: Ըստ Ռոյթըրզ լրատու գործակալութեան տուեալներուն, Հայաստան կը նախատեսէ Միացեալ Նահանգներուն շնորհել «Թրամփի ճամբայ` միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար» անունով նախագիծի զարգացման յատուկ իրաւունքներ:

Արցախցի տեղահանուածներու դժուար վիճակով մտահոգուածները վստահ են, որ Թրամփ քիչ բան կ՛ընէ անոնց կորուստը շրջելու համար: «Լեռնային Ղարաբաղը ոչնչացնելը խաղաղութիւն չէ,- յայտարարեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան` ներկայացնելով հայերու դժգոհութիւնները Ազրպէյճանի նկատմամբ: – Ցեղային զտումներու կարգաւորումը խաղաղութիւն չէ: Քրիստոնէական սրբավայրերը լքելը խաղաղութին չէ: Պատանդները պահելը խաղաղութիւն չէ: Հայաստանի ազրպէյճանական բռնագրաւումը ընդունիլը խաղաղութիւն չէ: Զէնքի սպառնալիքով ձեռք բերուած խաղաղութիւնը խաղաղութիւն չէ»:

Հայ զինուորը պահակ կանգնած Լեռնային Ղարաբաղի դրօշի կողքին, Արցախի մէջ, 2021 թուական:

Ներկայ պահուն զէնքի սպառնալիքով ձեռք բերուած խաղաղութիւնը աւելի ու աւելի կը հետապնդուի «խաղաղութեամբ»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, հրաժարելով Համասի հետ զինադադարի բանակցութիւններէն, որոնք, վերլուծաբաններու կարծիքով, ան շատոնց խոչընդոտած է, վերջերս  յայտարարեց, որ իր կառավարութիւնը մտադիր է ռազմական հսկողութիւն հաստատել ամբողջ Կազայի վրայ:

Այս ծրագիրը վտանգի տակ կը դնէ Կազայի աւելի քան մէկ միլիոն հիւծած, տեղահանուած պաղեստինցիները եւ յառաջացուցած է ընդդիմութիւնը, այլոց շարքին, Իսրայէլի զինեալ ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի պետին: Ան կը կարծէ, որ իր ուժերը պատերազմէն աւերուած Կազայի մէջ արդէն «հասած եւ գերազանցած են գործողութեան նպատակները»:

Նեթանիահու ըսած է, թէ չ՛ուզեր, որ Իսրայէլ անորոշ ժամանակով բռնագրաւէ Կազան կամ կառավարէ այդ տարածքը: Սակայն անոր քաղաքական դաշնակիցներէն շատերը իսրայէլեան ծայրայեղ աջակողմեաններէն յոյս ունին, որ տարածքի լիակատար նուաճումը նախերգանք կ՛ըլլայ Կազայի բնակչութեան «կամաւոր գաղթի» եւ հրեաներու վերաբնակեցման:

Ինչպէս եւ կը սպասուի, Իսրայէլի կողմէ Կազայի ոչնչացումը այնքան լայնածաւալ եւ մանրակրկիտ եղած է, որ անոր վերականգնման համար տարիներ կը պահանջուին, եւ այդ ընթացքին անոր բնակիչները կրնան ստիպուած ըլլալ ապաստան փնտռել տարբեր տեղեր, ինչպէս Թրամփ յոյս ունի: Անոնց կրնայ սպասուիլ Լեռնային Ղարաբաղը բռնի տեղահանուածներուն նմանող ճակատագիր:

2023 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը տասը ամիս շրջափակման մէջ յայտնուած էր, երբ Ազրպէյճան փակեց տարածքը Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ ճանապարհը: Անոր պատճառով յառաջացած սնունդի, դեղերու եւ այլ կարեւորագոյն պարագաներու պակասը յանգեցուց բնակչութեան գաղթի, որ աւելի սրեցաւ, երբ Ազրպէյճան ռազմական յարձակում սկսաւ` տարածքը գրաւելու եւ, իր կարծիքով, Ազրպէյճանի լիակատար գերիշխանութիւնը իր հողերուն նկատմամբ վերականգնելու համար:

«Ճիշդ է, որ երկու երկիրներն ալ սնունդը կը դիտարկեն որպէս իրենց նպատակներուն հասնելու ռազմավարական գործիք,- ըսաւ ամերիկահայ մեկնաբան Ստեփան Փեշտիմալճի` նկատի ունենալով Իսրայէլն ու Ազրպէյճանը: – Աշխարհի մեծ մասը կը  լռէր, երբ Ազրպէյճան օր ցերեկով սովամահ կ՛ընէր հայերը: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ այսօր Կազային»:

Ազրպէյճանցի պաշտօնատարները դէմ են այս հաստատումներուն եւ կը պնդեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը կրնար մնալ իր հայրենի քաղաքներուն մէջ, որոնք կը գտնուին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:

Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ թշնամանքը Խորհրդային Միութեան փլուզման բազմաթիւ անյարմար ժառանգութիւններէն մէկն է: Անկէ ետք երկու նորանկախ երկիրները բազմիցս պատերազմած են Լեռնային Ղարաբաղի համար, որ ամբողջութեամբ կը գտնուի Ազրպէյճանի սահմաններուն մէջ:

Հայերը ակներեւ յաղթողներն էին պատերազմի առաջին փուլին, որ աւարտեցաւ 1994 թուականին: Անոնք ամրապնդեցին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավարութիւնը եւ վերահսկողութիւն ձեռք բերին շրջակայ տարածքներու նկատմամբ: Սակայն երկրորդ պատերազմին, որ տեղի ունեցաւ 2020 թուականին, Ազրպէյճան վերադարձուց կարգ մը տարածքներու վերահսկողութիւնը` շնորհիւ երկրի հսկայական նաւթային պաշարներէն մասամբ տնտեսուող գերազանց բանակին:

Լեռնային Ղարաբաղի հայերը աւելի մեկուսացան եւ դառնացան` չկարողանալով արձագանգել Պաքուի դաշնակիցներուն` Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի կողմէ մատակարարուող ազրպէյճանական անօդաչու սարքերու ալիքներուն (Կազայի փորձառութեան արձագանգ մը եւս):

Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը կը նշանակէր, որ Կովկասի  մէջ խաղաղարար Ռուսիոյ ազդեցութիւնը մարած էր, մինչ Ազրպէյճան կը զգար իր քայլը կատարելու կարելիութիւն:

Երբ 2023 թուականին ան սկսաւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական նուաճումը, Եւրոպայի կողմէ յարձակման դատապարտումը միայն մեղմ էր:

Թրամփ իր նախագահական քարոզարշաւի ժամանակ խոստացաւ պաշտպանել Հայաստանի «հալածուած քրիստոնեաները» եւ քննադատեց Պայտընի վարչակազմը` «ՈՉԻՆՉ ընելու համար, մինչ 120 հազար հայ քրիստոնեաներ սարսափելի ձեւով հալածուեցան եւ բռնի տեղահանուեցան»:

Անոնց տեղահանութիւնը հիմա կը թուի անդառնալի կատարուած փաստ:

«Խաղաղութեան այս համաձայնագիրը միայն վերջին օրինակն է այն բանին, թէ ինչպէ՛ս Ազրպէյճան կը շարունակէ օգտագործել իր բնական պաշարներն ու աշխարհագրութիւնը` որպէս աշխարհաքաղաքական փոխզիջում, ուր մարդկային իրաւունքներն ու օրէնքի գերակայութիւնը երկրորդական տեղ կը գրաւեն իրական քաղաքականութեան եւ նաւթի համեմատ», ըսաւ Փեշտիմալճի:

«Ուաշինկթըն Փոսթ»
8 օգոստոս 2025

Բեմականացուած Խաղաղութիւն,
Իրական  Անարդարութիւն

ԴՈԿՏ. ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Դիւանագիտական «անուշահոտ» ու պատմական անյիշողութիւն (amnesia) բուրող արարողութեան մը ընթացքին Հայաստանի վարչապետը եւ Ազրպէյճանի նախագահը հանդիպեցան Ուաշինկթընի մէջ` ստորագրելու համար այն, որ կը  գովաբանուի որպէս «խաղաղութեան պատմական հռչակագիր»: Եւ ո՞վ կը կարողանայ աւելի լաւ նախագահել այս «հանդիսաւոր պետական արարքը», քան` նախագահ Տ. Թրամփ, որուն վերադարձը համաշխարհային ասպարէզ կարծես պայմանաւորուած է ե՛ւ աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւններով ե՛ւ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի լաւ փաստագրուած ցանկութեամբ:

«Մեզի անյարմարութիւն պատճառող ամէն բան փակելու մասին միացեալ հռչակագիր» անունը կրող փաստաթուղթը կը շրջանցէ քանի մը աննշան հարցեր, ինչպիսիք են` Արցախի աւելի քան 150 հազար բնիկ հայերու դէմ գործադրուած ցեղասպանական զտման յանցագործութիւնը, միջազգային օրէնքներու կոպիտ խախտումով մինչեւ օրս Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներն ու պատանդները, շրջանին մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան զանգուածային ոչնչացումը, նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ  տարածքներու շարունակական բռնագրաւումը: Բայց որո՞ւ պէտք է արդարադատութիւնը, երբ կան ձեռքսեղմումներ եւ ստորագրութիւններ:

Հռչակագիրի ամէնէն «համարձակ» քայլերէն մէկը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը լուծարելու կոչն է. այս բազմակողմ հակամարտութիւնը լուծող մեքանիզմը, որ յանդգնութիւնը ունեցած էր ճանչնալու, թէ արցախահայերը, ըստ էութեան, ժողովուրդ են եւ արժանի են ինքնորոշման իրաւունքի: Ինչպէ՞ս անոնք կը համարձակին: Բնականաբար բնաջնջման միջոցով խաղաղութիւն հաստատելու այս նոր դարաշրջանին մէջ ինքնորոշման վրայ հիմնուած մեքանիզմները պարզապէս այլեւս նորաձեւ չեն:

Բայց` գլխաւոր մա՞սը: Համարձակ ենթակառուցային ծրագիր մը, որ կը կոչուի «Միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման Թրամփի ուղի» (TRIPP): Ոչինչ այնքան լաւ կը խօսի  հաշտեցման մասին, որքան` ոսկեայ ցուցանակ զետեղելը միջանցքի մը վրայ, որ կը ծառայէ վաղեմի փանթուրքական նկրտումներուն, կտրելով Հայաստանի գերիշխանութեան համար կենսական աշխարհաքաղաքական բազկերակը եւ սպառնալով Իրանի հետ անոր կապին: Ամէն օր չէ, որ կարելի է հարթել աւելի քան դար մը տեւող աշխարհաքաղաքական նկրտումները եւ զանոնք վաճառել որպէս խաղաղութիւն:

Անշուշտ այս ամբողջական չէր ըլլար` առանց ոչ այնքան նուրբ քողարկուած սադրանքի` փայլուն նոր «խաղաղութիւն», որ նաեւ կը ծառայէ որպէս Մոսկուային ուղղուած տարածաշրջանէն վտարման ծանուցում: Որովհետեւ ի՞նչ աւելի լաւ միջոց կրնայ ըլլալ «կայունութիւն» ցուցադրելու, քան` մէկ ուժը միւսով փոխարինելը, այս անգամ` լուսանկարուելով եւ արեւմտեան ծափահարութիւններով: Մի՛ անհանգստանաք, որ Ռուսիան, անվտանգութեան երաշխաւորի իր դերին մէջ ականատես մնաց ցեղային զտումներու ժամանակ` ցուցաբերելով միայն հռետորական մտահոգութիւն եւ ռազմավարական անտարբերութիւն:

Ոմանք կը պնդեն, որ Հայաստանի կողմէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը Փրակայի մէջ փաստացի կանխորոշեց Արցախի ճակատագիրը` Մոսկուային քիչ բան ձգելով վիճարկելու: Ուրիշներ կը պնդեն, որ Ռուսիա կրկին չէ կատարած իր պարտաւորութիւնները, եւ կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ պէտք է ընդհանրապէս սգալ զայն փոխարինելու համար: Իրականութեան մէջ երկու մեկնաբանութիւններն ալ կը յանգեցնեն նոյն եզրակացութեան. արդիւնքը փոքրացած Հայաստանն է` զրկուած Արցախէն, տկարացած գերիշխանութեամբ եւ լքուած նաւարկելու, կողմնորոշուելու վերաձեւաւորուած շրջանին մէջ, ուր անվտանգութեան խոստումները` Արեւելքէն կամ Արեւմուտքէն, հաւասարապէս դատարկ եղած են: Եւ մի՛ մտածէք, որ բացառման վրայ կառուցուած խաղաղութիւնը հակուած է փխրուն ըլլալու, կամ որ` ազդեցութեան մէկ ոլորտը միւսով փոխարինելը դժուար թէ ինքնորոշման, անկախութեան կամ գերիշխանութեան յաղթանակ ըլլայ: Բայց լաւ, քանի դեռ լուսանկարը լաւ է, եւ ճիշդ դրօշները խորապատկերին վրայ են, ո՞վ է իրականութեան մէջ հաշիւը պահողը:

Եւ չմոռնանք. Փաշինեան, որուն նկատմամբ ժողովրդային համակրութեան վարկանիշը նուազած է մինչեւ միայն 13 առ հարիւրի, որ համաշխարհային չափանիշներով ամէնէն ցածերէն մէկն է, յոյսը կը դնէ ուաշինկթընեան այս լուսանկարային բեմադրութեան վրայ` զայն ներկայացնելով որպէս անձնական յաղթանակ, որ կրնայ փրկել անոր քաղաքական ասպարէզը յառաջիկայ ընտրութիւններէն առաջ:

Հռչակագիրը նաեւ կը վերահաստատէ երկու կառավարութիւններու յանձնառութիւնը «յառաջ շարժելու», ինչ որ դիւանագիտական բառերով կը նշանակէ. «Այլեւս երբեք չխօսինք պատահածին մասին»: Ոչ մէկ հատուցում: Ոչ մէկ արդարադատութիւն: Ոչ մէկ անվտանգ վերադարձ տեղահանուածներու համար: Ոչ մէկ յիշատակում ռազմագերիներու մասին: Միայն հարթ ճամբաներ եւ աւելի հեզասահ հասարակութեան հետ կապեր (PR):

Այս ամբողջ ներկայացումը դասագրքային օրինակ է, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ խաղաղութիւնը` առանց արդարութեան. ճնշուածները, կեղեքուածները, իրաւատէրերը կը լռեցնեն, յարձակողը կ՛ախտազերծուի, իսկ անցեալը պուլտոզերով կը քանդուի աշխարհաքաղաքական յարմարութեան ծանրութեան տակ: Այս ներկայացում է, որուն մէջ տեղահանուածները կը մնան անտեսանելի, բանտարկեալները` անլսելի, մեղաւորները` անպատասխանատու: Անոր մէջ  «հաշտեցում» կը նշանակէ մոռնալ, այլ ոչ թէ` յիշել, իսկ «բնականոնացնել»` օրինականացնելու ու արդարացնել այն, որ միջազգային իրաւունքը կ՛անուանէր ոճիր: Ըստ երեւոյթին, այս խաղաղութեան այլ տարբերակ է` զրկուած արժանապատուութենէ, կտրուած ճշմարտութենէ եւ դատարկուած իր բարոյական միջուկէն, որ նախատեսուած է ոչ թէ վէրքերը բուժելու, այլ` զանոնք ասֆալթով, ստորագրութիւններով եւ ծափահարութիւններով ծածկելու:

Բայց եւ այնպէս, ինչպէ՜ս անոնք յաջողեցան այս ամէնը որպէս «խաղաղութիւն» ներկայացնել: Մենք ունեցանք մամլոյ ասուլիս եւ շատ արագ տարածուող  լուսանկար, ուր երեք տղամարդիկ մամլոյ ու աշխարհին համար խաղաղութիւն կը բեմադրէին, մինչ արդարութիւնը, յիշողութիւնը եւ հաշուետուողականութիւնը նկարէն դուրս մնացած էին:

Պարզ խօսքով, Արցախի ժողովուրդը «վէճ, տարակարծութիւն» չէ: Արցախեան հակամարտութիւնը աննշան դէպք մը չէ: Ան անյարմարութիւն չէ, որ կարելի է սալարկել տարանցիկ միջանցքներով եւ դիւանագիտական կարգախօսներով: Ան պատերազմի վերապրող  է, լռութեան զոհ եւ իրաւունքներու կրող, որ ոչ մէկ գերաստիճանով, անկախ անկէ, թէ որքան մեծ է, կարելի է մարել կամ փակել:

Բայց մինչեւ հիմա աշխարհը կը ծափահարէ, որովհետեւ, ակներեւ է, որ խաղաղութիւնը այլեւս արդարադատութեան կամ մարդոց կարիք չունի: Միայն` ցուցադրութեան համար լուսանկարներու եւ ամպիոններու:

Անգլերէն բնօրինակը լոյս տեսած է «Ասպարէզ»-ի մէջ, 8 օգոստոս 2025-ին:

Նախորդը

Հարիւր Անգամ…

Յաջորդը

Խոստացեալ Խաղաղութի՞ւն, Թէ՞ Աստիճանական Ոչնչացում…

RelatedPosts

Մի՛ Հաւատաք, Որ Միացեալ Նահանգներ, Յատկապէս` Տանըլտ Թրամփի Օրօք, Ձեւով Մը Կը Փրկեն Ձեզ Ձեր Դրացիներէն
Մշակութային եւ Այլազան

Մի՛ Հաւատաք, Որ Միացեալ Նահանգներ, Յատկապէս` Տանըլտ Թրամփի Օրօք, Ձեւով Մը Կը Փրկեն Ձեզ Ձեր Դրացիներէն

Օգոստոս 15, 2025
Լիբանանի Ողբերգական Ժամանակաշրջանը Բնորոշող Երաժիշտ Զիատ Ռահպանին Մահացած Է 69 Տարեկանին
Մշակութային եւ Այլազան

Լիբանանի Ողբերգական Ժամանակաշրջանը Բնորոշող Երաժիշտ Զիատ Ռահպանին Մահացած Է 69 Տարեկանին

Օգոստոս 8, 2025
Ազրպէյճանը Մտածեց, Որ Կը Յաջողի Գնել Արեւմուտքը, Եւ Արեւմուտքը Աչք Կը Փակէ Արցախի Վրայ
Մշակութային եւ Այլազան

Ազրպէյճանը Մտածեց, Որ Կը Յաջողի Գնել Արեւմուտքը, Եւ Արեւմուտքը Աչք Կը Փակէ Արցախի Վրայ

Օգոստոս 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?