Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ: Քննարկման հիմնական նիւթերը եղած են Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պրուս յայտնած է, որ Ռուպիօ եւ Ֆիտան համաձայնած են, որ անհրաժեշտ է դադրեցնել պատերազմն ու սպանութիւնները:
Ամերիկեան ու թրքական դիւանագիտութեան պետերը նաեւ անդրադարձած են շարք մը շրջանային հարցերու, ներառեալ Սուրիոյ, հայ-ազրպէյճանական հռչակագիրի ստորագրման, ինչպէս նաեւ Իրանի հիւլէական ծրագիրին հարցերը: