Հայաստան վստահեցուցած է` երբեք իր տարածքով Իրանի դէմ սպառնալիք պիտի չարտօնէ: «Թասնիմ» կը հաղորդէ, որ այս մասին Իրանի նախագահի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բանակցութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի:
«Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ հայկական կողմը շատ մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ եւ վստահեցուց, որ գիտէ Իրանի կարմիր գիծերը, անոնց ուշադրութիւն կը դարձնէ, եւ անոնք միշտ հաշուի պիտի առնուին», ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:
Ան աւելցուցած է, որ քննարկումները շատ լուրջ էին եւ կը վերաբերէին թէ՛ երկկողմանի տնտեսական համագործակցութեան, որ շատ լայնածաւալ է` առեւտուրի, ներդրումներու եւ ճարտարապետական նախագիծերու իրականացման մասին, եւ թէ՛ մշակութային համագործակցութեան:
Կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ համապարփակ ռազմավարական համագործակցութեան փաստաթուղթը շուտով կնքուի:
Արաղչի մէկ օր առաջ ալ թելեկրամեան ալիքի վրայ գրած էր. «Իրանն ու Հայաստանը առնչուած են շատ զգայուն հարցի` Նախիջեւանի կապը Ազրպէյճանի մայրցամաքային հատուածին հետ: Այս հարցը վերջին տարիներուն յառաջացուցած է շատ ռազմավարական եւ զգայուն քննարկումներ, որոնք բազմաթիւ մտահոգութիւններ ստեղծած են թէ՛ մեր մօտ, թէ՛ ալ շրջանի այլ երկիրներու մէջ, որովհետեւ շրջանային աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ կարելի են»:
«Աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ ըսելով` մենք նկատի ունինք միջազգային ճանչցուած սահմաններու փոփոխութիւն, սահմաններու տեղափոխում, շրջանի որեւէ երկրի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան վրայ ազդեցութիւն, օրինակ` Հայաստանի մէկ մասի օգտագործումը, ինչ որ կրնայ յանգեցնել բռնագրաւումի, իշխանութեան փոփոխութեան կամ թուլացման սպառնալիք ըլլալ: Մենք շատոնց յստակ ըսած ենք, որ նման բան պիտի չհանդուրժենք, եւ մեր քաղաքականութիւնը սկիզբէն եղած է պարզ: Մենք նաեւ ձեռնարկած ենք համապատասխան քայլերու, որպէսզի մեր լրջութիւնը ցոյց տանք, որուն մասին բոլորը տեղեակ են: Ներկայիս ալ մեր քաղաքականութիւնը նոյնն է` շրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ չենք ընդունիր:
«Այս պահուս տեղի ունեցածը այն է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ստորագրուած է յայտարարութիւն, որուն մէջ յստակ կը նշուի, որ կողմերը կ՛ընդունին շրջանի սահմաններու անփոփոխելիութիւնը, կը յարգեն շրջանի բոլոր երկիրներու գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ չունին նպատակ փոփոխութիւն կատարելու: Այս առումով, ներկայ փուլին մեր աշխարհաքաղաքական մտահոգութիւնը, ըստ երեւոյթին, հարթուած է:
Իսկ, թէ ապագային անոնք որքանո՛վ պիտի պահպանեն այս սկզբունքները կամ ի՛նչ զարգացումներ կրնան ըլլալ, յստակ է, որ մենք մանրակրկիտ պիտի հետեւինք եւ պիտի վերահսկենք կացութիւնը` դիտարկելու համար, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ», ըսած է Արաղչի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ անդրադարձած է այն հարցին, թէ ինչո՞ւ Հայաստանով կառուցուելիք ճամբան կրնայ տնտեսապէս վնաս պատճառել եւ քաղաքական առումով նոյնպէս խնդիրներ ստեղծել:
«Տնտեսական առումով ատիկա կրնայ քիչ մը տկարացնել այն փոխադրամիջոցային ճամբան, որ կ՛անցնի Իրանի տարածքով: Ի հարկէ, ատիկա կախեալ է մեզմէ, թէ ինչպէ՛ս բարձրացնենք այդ ճամբու գրաւչութիւնը, որպէսզի աւելի շատ երթեւեկ եւ փոխադրումներ կատարուին այս ուղիով:
«Նոյն ժամանակ այստեղ կան այնպիսի կէտեր, ուր մենք չենք կրնար որեւէ երկրի արգիլել, որովհետեւ ատիկա այդ երկրի տարածքին մէջ է, եւ ան իրաւունք ունի ճամբայ կառուցելու: Մինչ այդ, ճամբան կը գտնուի Հայաստանի լիակատար իշխանութեան տակ եւ ենթակայ է անոր օրէնքներուն ու դատական լիազօրութիւններուն, այդ պատճառով միջազգային իրաւունքէն որեւէ խնդիր յառաջացնել կարելի չէ:
«Միւս մտահոգութիւնն ալ այն է, որ այս ճամբան կրնայ օգտագործուիլ իբրեւ պատճառ` շրջանին մէջ ամերիկեան ուժերու ներկայութիւն ապահովելու համար…
«Շաբաթ օր անոնց (Հայաստանի, «Ա.») Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը զրուցած է Լարիժանիի հետ եւ մեզի վստահեցուցած, որ անոնք պիտի պահպանեն Իրանի իսլամական հանրապետութեան կարմիր գիծերը, ծանօթ են այս գիծերուն եւ ապագային նոյնպէս պիտի հետեւին անոնց: Անոնց վստահեցուցած են, որ այս ճամբուն պատճառով ամերիկեան որեւէ ուժ Հայաստանի մէջ պիտի չտեղակայուի: Նոյնպէս մեզի յստակ ըսած են, որ այն ամերիկեան սեփական անվտանգութեան ընկերութիւնները, որոնք, ինչպէս գիտէ՛ք, ներկայացած են մեր շրջանի որոշ երկիրներուն մէջ, այս ճամբու անուան տակ Հայաստանի մէջ պիտի չներկայանան», եզրափակած է Արաղչի: