Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԾՈՑԻ ԱՐԱԲՆԵՐԸ ԵՄԷՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՀԵՌԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ ՄՇԱԿԱԾ ԵՆ

April 8, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քաթարի վարչապետը

Քաթարի լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանի յայտարարեց, որ Ծոցի երկիրները, որոնք Եմէնի մէջ տագնապի լուծման համար միջնորդութիւն մը կը կատարեն, կը յուսան, որ նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հեռացման շուրջ համաձայնութիւն մը գոյանայ: Ան նշեց, որ Ծոցի երկիրները կը յուսան այդ ուղղութեամբ նախագահ Սալեհի հետ համաձայնութիւն մը գոյացնել:

Եմէնցի ընդդիմադիր աղբիւր մը իր կարգին երէկ յայտարարեց, որ Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հեռացման համար Արաբական ծոցի ծրագիր մը պիտի երաշխաւորէ անոր անձին եւ ընտանիքին անձեռնմխելիութիւնը, իսկ երիտասարդ գործիչ մը յայտնեց, որ ատիկա բաւարար պիտի ըլլայ ծրագիրը մերժելու:

Միացեալ Նահանգներն ու Արաբական ծոցի երկիրները, ներառեալ` Եմէնին ելեւմտապէս զօրավիգ կանգնող Սէուտական Արաբիան, ներկայիս կը թուին պատրաստ ըլլալ Քայիտայի դէմ պայքարին մէջ իրենց երկարատեւ դաշնակիցը մէկդի շպրտելու:

Արաբական ծոցէն աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Ռիատի մէջ Սալեհի եւ ընդդիմադիր խմբակներու համախոհութեան մը միջեւ բանակցութեան առաջարկը այս շաբաթ ներկայացուած է կողմերուն: Սալեհ ողջունած է ծրագիրը, ըստ որուն, ան իշխանութիւնը պիտի յանձնէ ցեղապետներէ եւ քաղաքական ղեկավարներէ կազմուած փոխանցման խորհուրդի մը, որ պիտի օժանդակէ ընտրութիւններէն առաջ ազգային միասնականութեան կառավարութեան մը կազմութեան:

Վերջին շաբաթներուն Սանաայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի մասնակցութեամբ բանակցութիւնները անելի մատնուեցան, որովհետեւ Սալեհ երաշխիքներ կ՛ուզէ, թէ ինք կամ իր ընտանիքի անդամները դատական հետապնդումի պիտի չենթարկուին:

Միւս կողմէ, Սթրազպուրկի մէջ Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրեց որոշում մը, որ կը պահանջէ, որ ՄԱԿ-ը կամ Քրէական միջազգային դատարանը Եմէնի մէջ նախագահ Սալեհի դէմ ցոյցերու ընթացքին զոհեր պատճառած բռնարարքներուն շուրջ անկախ հետաքննութիւն մը կատարեն: Խորհրդարանը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Սալեհին հրաժարելու պատրաստակամութիւն յայտնելէ անմիջապէս ետք Եմէնի մէջ կացութիւնը հակակշռելու համար Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու:

 

Նախորդը

ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ – ՄԱՇԱԱԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ ՕԹԱՆ-Ի ՈՒԺԵՐ ՍԽԱԼՄԱՄԲ 45 ԸՄԲՈՍՏՆԵՐ ԿԸ ՍՊԱՆՆԵՆ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.