Հայաստանն ու Ազրպէյճանը Միացեալ Նահանգներու հետ ստորագրած են տնտեսական համաձայնագիրներ, որոնք նոր կարելիութիւններ կը բանան ամերիկեան առեւտուրի համար: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պրուս:
«Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները նաեւ Միացեալ Նահանգներու հետ ստորագրած են երկկողմանի տնտեսական համաձայնագիրներ, որոնք կը բացայայտեն Հարաւային Կովկասի զգալի ներուժը առեւտուրի, տարանցման, ուժանիւթի, ենթակառոյցներու եւ ճարտարագիտութիւններու ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ նոր կարելիութիւններ կը ստեղծեն ամերիկացիներու եւ ամերիկեան ընկերութիւններու համար», յայտնած է Պրուս:
«Ասիկա (ուաշինկթընեան համաձայնագիրը, «Ա.») կարեւոր է այս վարչակազմին համար: Ասիկա կարեւոր է աշխարհի համար… Թէեւ շատերը փորձած են` եւրոպացիները, ֆրանսացիները, Փութինը եւ նոյնիսկ Պայտընը, սակայն միայն նախագահ Թրամփ կրցաւ յաջողութեամբ այս երկու երկիրները միաւորել` այս պատմական խաղաղութեան համաձայնութեան գալու համար:
«Այսպիսով, կը կարծեմ, աշխարհը գիտէ, որ ան յանձնառու է երկիրներու միջեւ երկարատեւ, կայուն խաղաղութեան` անկախ անկէ, թէ որքա՛ն տեւած են տագնապները կամ թշնամանքը: Եւ այդ յանձնառութիւնը, ինչպէս մենք եւս տեսած ենք, հիմնուած է դիւանագիտութեան վրայ», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը: